-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-
Կը շարունակուի Վարդենիս-Մարտակերտ` հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութեան 2րդ փուլը: Լ.Ղ.Հ. քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումը կ՛իրականացուի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջոցներու հաշւոյն:Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման համար առանձին հատո ւածներու եւ տեղամասերու մէջ կ՛աշխատին քանի մը կապալառու ընկերութիւններ: Լ.Ղ.Հ. քաղաքաշինութեան նախարարութեան տեխնիկական հսկիչներու կողմէ յաճախակի կ՛իրականացուին ստուգումներ, ինչ որ կը նպաստէ շինարարութեան որակին:
Նշենք, նաեւ, որ շինարարութեան առաջին փուլին համար նախատեսուած հողային աշխատանքները արդէն աւարտած են. այժմ կ՛ընթանան ասֆալտապատման աշխատանքները: