Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան 21րդ ­հա­ւա­քը՝ ­Ֆո­րու­մը, Ծսկսաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ­Շա­բաթ՝ 11 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, հա­մախմ­բե­լով 35 ե­րի­տա­սարդ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Վ­րաս­տա­նէն, Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րէն, ­Սու­րիա­յէն, ­Լի­բա­նա­նէն, Ֆ­րան­սա­յէն, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն, ­Քա­նա­տա­յէն եւ Աւստ­րա­լիա­յէն:

­Բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Եւ­րո­պա» պան­դո­կին մէջ. մաս­նակ­ցող­նե­րու կող­քին ներ­կայ էին նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հիմ­նար­կի նա­խա­գահ ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թե­նէն ըն­կեր­ներ Ս­պար­տակ ­Ղա­րա­բաղ­ցեան եւ ­Թա­մար ­Հա­շօղ­լեան, դոկտ. Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան եւ ­Կա­րօ ­Յով­հան­նէ­սեան: ­Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Լի­լիթ ­Գալըս­տեան, ա­պա հեր­թա­կա­նու­թեամբ ի­րենց սրտի խօս­քը փո­խան­ցե­ցին Ս­պար­տակ ­Ղա­րա­բաղ­ցեան ու դոկտ. Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան, ինչ­պէս նաեւ ­Ֆո­րու­մի ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան վա­րիչ­ներ Ա­րա ­Բար­սե­ղեան եւ ­Թա­մար ­Տօ­նա­պե­տեան:

­Ճա­շի սպա­սար­կու­թե­նէն ետք, «Ս­փիւռ­քի ­Պատ­մու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րին ներքեւ, ­Կա­րօ ­Յով­հան­նէ­սեան սեղմ վայր­կեան­նե­րու մէջ լիամ­փոփ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց Ս­փիւռ­քի պատ­մու­թիւ­նը՝ ա­ռիթ տա­լով հար­ցում­նե­րու եւ զրոյ­ցի: ­Դա­սա­խօ­սու­թե­նէն ետք, ֆո­րու­մա­կան­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան Թան­գա­րան, ուր ա­ռիթն ու­նե­ցան ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած հնա­գոյն ի­րե­րու մա­սին. հե­տաքրք­րա­կան էր մա­նա­ւանդ տես­նել վեր­ջերս Ա­րե­նիի մէջ յայ­տնա­բե­րուած հնա­գոյն կօ­շի­կը, նաեւ պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող շատ այլ ի­րեր:

­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ար­ձա­նը, ա­պա՝ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նի յու­շա­հա­մա­լի­րը, ուր կը գտնո­ւի ­Մայր ­Հա­յաս­տան քան­դա­կը:

­Գի­շե­րը ըն­կե­րա­յին ջերմ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ բա­րի գա­լուս­տի ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ. կե­նաց­նե­րուն յա­ջոր­դե­ցին պարն ու եր­գը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան բո­լո­րը՝ ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ տա­ղանդ­ներ յայտ­նա­բե­րե­լով:
­Հա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի երկ­րորդ օ­րուան թե­ման հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն էր: Օ­րուան ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցող­նե­րուն ըն­կե­րա­ցաւ հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հան­րա­յայտ մաս­նա­գէտ­նե­րէն ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­ն: ­Սաղ­մո­սա­վան­քի շուրջ ­Կա­րա­պե­տեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ­Սաղ­մո­սա­վան­քը իբ­րեւ օ­րի­նակ բե­րե­լով՝ հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, խաչ­քա­րե­րուն եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ա­պա դէ­պի Ա­րա­գած պտոյ­տը մաս­նակ­ցող­նե­րուն առ­ջեւ պար­զեց հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւ­նը. Ա­րա­գած լե­րան լան­ջին, ­Քա­րէ լի­ճին շուրջ բնու­թեան մէջ ճա­շե­լէ ետք, ֆո­րու­մա­կան­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ամ­բերդ։ ­Միջ­նա­բեր­դին շուրջ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ամ­բեր­դի կա­ռուց­ման եւ տա­րած­քը գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցիին մա­սին՝ ակ­նար­կե­լով գա­ւի­թի իւ­րա­յատ­կու­թեան:

­Վե­րա­դար­ձին, Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րա­կին շուրջ, ֆո­րու­մա­կան­նե­րը նշե­ցին ­Վար­դա­վա­ռը՝ մաս­նակ­ցե­լով օ­րո­ւան յա­տուկ ջրա­խա­ղե­րուն: «Saffron» ճա­շա­րա­նին մէջ ընթ­րի­քէ ետք, ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տը շա­րու­նակուե­ցաւ մին­չեւ ուշ գի­շեր: