Ի տարբերութիւն նախորդ օրերուն, Ատրպէյճան սկսած է աւելի յաճախակի կերպով խախտել զինադադարը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ` տարբեր տեսակի զէնքերէ բացի, հարաւային ուղղութեամբ կիրարկելով նաեւ 60 մ.մ. հրասանդ:
Այդ մասին ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան Յուլիս 15ի հաղորդագրութեան մէջ:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ յանձնառու մնացած են զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհըրաժեշտութեան պարագային»,- կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Պատասխանը պիտի ըլլայ անհամարժէք եւ անդառնալի կորուստներով յղի»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը Երեքշաբթի՝ Յուլիս 14ի գիշերը հաղորդագրութիւն մը տարածելով, հակադարձած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին, որ մեղադրելով հայկական կողմը խաղաղ բնակավայրերու գնդակոծման մէջ՝ յայտարարած էր, թէ այն տարածքները, որոնք անհասանելի են հրացաններու համար, պիտի ենթարկուին ատրպէյճանական մեծ տրամաչափի զէնքի տեսակներէ գնդակոծման:
«Հաւատարիմ մնալով իր ապակառուցողական դիրքորոշումին եւ շարունակելով ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին զինադադարի խախտումները` ատրպէյճանական կողմը հերթական ապատեղեկատուութեան նախաձեռնած է»,- ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: «Կը տեղեկացընենք, որ հայկական կողմը երբեք հանդէս չի գար զինադադարի խախտման նախայարձակի դերին մէջ: Ատոր համոզուելու համար, ղարաբաղեան կողմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ միջազգային դէտերու մասնակցութեամբ տեղւոյն վրայ կայացնելու դիտարկում եւ պարզելու իսկական ճշմարտութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին` հայկական բնակավայրերու եւ զինուորական դիրքերու վրայ մեծ տրամաչափի զէնքերէ կրակ բանալու մասին յայտարարութեան, Արցախի զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը կը հաւաստէ, որ նման զարգացումներու պարագային պատասխանը պիտի ըլլայ անհամարժէք եւ անդառնալի կորուստներով յղի»,- յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ընդգծած, որ «առաջին գիծին վրայ ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի իյնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ»: