Այս տարուան ընթացքին Հայաստանէն ընդհանուր առմամբ արդէն արտահանուած է 43.400 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 26.847 թոնի դիմաց: Հ.Հ. գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի փոխանցմամբ` Յուլիս
14ի դրութեամբ արտահանուած է 17.186 թոն ծիրան նախորդ ամբողջ տարուան 1791 թոնի դիմաց: Հայաստանէն այսօրուան դրութեամբ արտահանուած է 1589 թոն կեռաս, նախորդ ամբողջ տարուան 370 թոնի դիմաց:
Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը հիմնականօրէն արտահանուած է Ռուսիա, Ղազախստան, Պելառուսիա, Լեհաստան, Վրաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա, Չեխիա, Նորվեկիա, Քուէյթ: