Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան ­Մար­սէյ­լի փոխ-­քա­ղա­քա­պետ ­Տիտ­յէ ­Փա­րա­քեա­նի, ­Մար­սէյ­լի մէջ Հ.Հ. գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս ­Վար­դան Սր­մա­քէ­շի եւ ­Մար­սէ­լի 11 եւ 12րդ շր­ջա­նի ղե­կա­վար, Ֆ­րան­սա­յի Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէի ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լած է հայ­կա­կան ­Պո­մոն թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­հա­մա­լիրը: ­Քա­ղա­քա­պե­տը ե­րե­ւա­նեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ միա­սին յար­գան­քի տուրք  մա­տու­ցած է ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Այս մա­սին կը յայտ­նեն ­Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն:

­Մար­սէյ­լի 11 եւ 12րդ շր­ջա­նի ղե­կա­վար, Ֆ­րան­սա­յի Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէն նշած է, որ ­Մար­սէ­յլի հայ­կա­կան ու հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող յու­շա­հա­մա­լի­րը կ’ա­ռանձ­նա­նայ ոչ միայն որ­պէս ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց, այ­լեւ ա­ռանձ­նա­կի խոր­հուրդ ու­նի որ­պէս պատ­մա­կան ու­ղե­ցոյց ինչ­պէս տե­ղի հայ հա­մայն­քի, այն­պէս ալ ­Մար­սէյ­լի ողջ բնակ­չու­թեան հա­մար: ­Քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ յու­շա­հա­մա­լի­րի հա­րե­ւա­նու­թեամբ այս տա­րի զետեղո­ւած յու­շա­քա­րը, ո­ր ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ  հայ մայ­րե­րու ու ա­նոնց ժա­ռանգ­նե­րու իւ­րո­վի խո­նար­հումն է` ի յի­շա­տակ 1915ին զո­հո­ւած հայ կա­նանց: ­Տե­ղ­ւոյն վրայ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տը ծա­նօ­թա­ցած է նաեւ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնք ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը  փո­խան­ցած են ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նին` Ե­րե­ւա­նի եւ ­Մար­սէյ­լի վեր­ջին տա­րի­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար ընդգ­ծե­լով, որ եր­կուս­տեք փոխ-­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր է մար­սէյ­լա­հա­յու­թեան հա­մար: ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան իր հեր­թին վստա­հե­ցու­ցած է, որ եր­կու քա­ղաք­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ են ու պի­տի շա­րու­նա­կեն ամ­րապն­դո­ւիլ: