Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փա­ռա­տօ­նա­յին ա­ռա­ջին օ­րը բա­ւա­կան յա­գե­ցած եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով լե­ցուն էր: Ի­րա­դար­ձու­թեան մէկ շա­բա­թեայ ըն­թաց­քը  սկսաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս­նե­րով, ո­րոնց ժա­մա­նակ ի­րենց ֆիլ­մե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Հայ­կա­կան Հա­մայ­նա­պատ­կեր ազ­գա­յին մրցոյ­թի մաս­նա­կից­ներ ­Մա­րի­նէ եւ ­Սո­նա ­Քո­չա­րեան­ներ («Ինչ­պէս անց­ նել ­Ջի­լի­զից ­Ջի­լիզ»), ­Վահ­րամ Մ­խի­թա­րեան («­Հովիւի եր­գը») եւ Ա­լեքս Ի­գիթ­բա­շեան ու Է­մի­լի Մկրտ­չեան («­Հա­տան­ցում»): Օ­րո­ւայ երկ­րորդ կէ­սին կա­յա­ցաւ «Ոս­կէ ­Ծի­րա­ն»ի ոչ պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը խորհր­դանը­շող՝ ծի­րա­նօրհ­նէ­քի ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րը այս տա­րի կա­զմա­կեր­պո­ւած էր ­Սուրբ Ան­նա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

­Փա­ռա­տօ­նի ա­ռա­ջին օ­րը տե­ղի ունե­ցաւ  ի­տա­լու­հի ճա­նօթ դե­րա­սա­նուհի  Օր­նել­լա ­Մու­թիի հան­դի­պու­մը լրատո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ երկր­պա­գու­նե­րուն հետ: Որ­պէս «Ոս­կէ ­Ծի­րան»էն հայ շար­ժա­պատ­կե­րի գոր­ծիչ­նե­րուն մա­տու­ցո­ւող յար­գան­քի տուրք՝ ­Շառլ Ազ­նա­ւու­րի հրա­պա­րա­կին վրայ, հայ ա­նո­ւա­նի այլ գոր­ծիչ­նե­րու ա­նու­նը կրող աստ­ղե­րու կող­քին, 90ա­մեայ յո­բե­լեա­նի կա­պակ­ցու­թեամբ՝ բա­ցո­ւե­ցաւ  նաեւ բե­մադ­րիչ ­Հեն­րիկ ­Մա­լեա­նի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող աստ­ղը: Այն, ի դէպ, յու­շաստ­ղե­րու շար­քին վե­ցե­րորդն է:

Ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց 12րդ «Ոս­կէ ­Ծի­րան»ի բաց­ման ֆիլ­մի՝ Ֆ­րան­սա­հայ բե­մադ­րիչ ­Ռո­պեր ­Գե­դի­գեա­նի (­Կե­տի­կեան) «­Խենթ պատ­մու­թիւն» տրա­մա­յի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը: ­Ֆիլ­մը, ո­րու հա­մաշ­խար­հա­յին բա­ցու­մը ե­ղած է 2015ին ­Քան­նի փա­ռա­տօ­նի ար­տամր­ցու­թա­յին ծրագ­րին, մաս­նա­կիօ­րէն կ­’անդ­րա­դառ­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին եւ կը պատ­մէ  1970-80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած­նե­րու սե­րուն­դին մա­սին: ­Փա­ռա­տօ­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­յա­ցաւ ե­րե­կո­յեան, Ալ. Ս­պեն­դիա­րեա­նի ա­նո­ւան Օ­փե­րա­յի եւ պա­լե­տի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ. ա­նո­ւա­նի հիւ­րե­րը, մրցու­թա­յին եւ ոչ-մրցու­թա­յին ծրագ­րե­րու մաս­նա­կից­նե­րը ան­ցան  կար­միր գոր­գէն: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կան «Ոս­կէ ­Ծի­րան» Ե­րե­ւա­նի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­դիր տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Խա­չատ­րեան, ար­դէն տա­սը տա­րի փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր գոր­ծըն­կեր կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Վի­վա­Սել-ՄՏՍի գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Ռալֆ Ե­րի­կեան: Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մրցու­թա­յին ծրագ­րին ընդգր­կո­ւած ֆիլ­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ քննա­դա­տա­կան խում­բի կազ­մը: ­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ յայտ­նի շար­ժա­պա­տե­րի աստ­ղեր՝ Օր­նել­լա ­Մու­թիի եւ ­Նաս­տա­սեա ­Քինս­քիի  «­Փա­րա­ջա­նո­վեան թա­լեր» մրցա­նա­կի յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ:

­Փա­ռա­տօ­նա­յին ա­ռա­ջին օ­րէն սկսած մէկ շա­բա­թեայ ­Յու­լի­սեան տօ­նը խոստմ­նա­լից մթնո­լորտ ստեղ­ծեց: Ի­րա­դար­ձու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ե­րանգ եւ տրա­մադ­րու­թիւն հա­ղոր­դեց փա­ռա­տօ­նի մեկ­նար­կի հետ զու­գա­դի­պած ­Վար­դա­վա­ռի տօ­նը: