Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ե­րե­ւա­նի տար­բեր գրա­խա­նութ­ներ, հրա­տա­րակ­չու­թիւն­ներ եւ գրա­դա­րան­ներ, Մի­սաք Մա­նու­շեա­նի ա­նուան պու­րա­կին մէջ, կը մաս­նակ­ցին գիր­քե­րու բա­ցօ­թեայ ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քին: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 10-11 Յու­լի­սին, բո­լոր գրքա­սէր­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն կ­՛ու­նե­նան այ­ցե­լե­լու գիր­քե­րու բացօթեայ երկ­րորդ փա­ռա­տօ­նին, որ այս տա­րի կը կա­յա­նայ «Ըն­թեր­ցող Ե­րե­ւան» խո­րա­գի­րով: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Ա­րամ Սու­քիա­սեան ընդգծած է, որ յա­ճախ կ­՛ը­սո­ւի, թէ ըն­թեր­ցա­նու­թեան նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը նո­ւա­զած է: «­Բայց պէտք է ա­մէնքս էլ փաս­տենք, որ յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նում սկսել է ակ­տի­ւու­թիւն (աշ­խու­ժու­թիւն) ցու­ցա­բե­րո­ւել գրքի եւ գրա­կա­նու­թեան հան­դէպ»,- յայտ­նած է ան՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժի­նի պետ Մա­րիա Բա­րա­ղա­մեան նշած է, որ ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քը կը յա­ւակ­նի ա­ւան­դա­կան դառ­նալ: «Այն անց­կաց­ւում է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ 2015» ե­ռամ­սեայ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի ծրագ­րի շրջա­նա­կում: Ան­ցեալ տա­րո­ւայ եւ այս տա­րուայ հա­մե­մատ մաս­նա­կից­նե­րի ա­ռու­մով աճ է տե­ղի ու­նե­ցել: Իւ­րա­քան­չիւ­րը ներ­կա­յաց­րել է իր նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը: Մի­ջո­ցառ­ման նպա­տա­կը պարզ է՝ շա­րու­նա­կել սեր­մա­նել սէ­րը դէ­պի գիր­քը, ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը»,- դի­տել տո­ւած է Մ. Բա­րա­ղա­մեան: Ըստ ա­նոր՝ գիր­քը կը մնայ այժ­մէա­կան, ուս­տի պէտք է սի­րել զայն։ «­Տու­րիզ­մի (զբօ­սաշր­ջու­թեան) տե­սան­կիւ­նից այս մի­ջո­ցա­ռու­մը եւս շատ կա­րե­ւոր է: Մօտ 25 կազ­մա­կեր­պու­թիւն է մաս­նակ­ցում»,- նշած է ան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բազ­մաբ­նոյթ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ։ Փա­ռա­տօ­նին մաս­նա­կից­նե­րը հաս­տա­տած են, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է ներ­կա­յաց­նե­լու եւ հան­րու­թեան դա­տին յանձ­նե­լու նոր գիր­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ խթա­նե­լու ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը: Գիր­քի եւ գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու վա­ճառ­քով զբա­ղող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ այ­ցե­լու­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն տար­բեր ո­ճի հա­յաս­տա­նեան, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­սահ­մա­նեան գրա­կա­նու­թիւն։