Այս տարուան Սեպտեմբերին Շուշիի մէջ բացումը պիտի կատարուի Մատենադարանի մասնաճիւղի մը: Այս մասին «Tert.am»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է «Փիւնիկ» Բարեգործական Հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան: Ան յայտնած է, որ Շուշիի Մատենադարանը պիտի բացուի Հիմնադրամին միջոցներով, եւ աշխատանքները արդէն իրականացած են: «Շուշիի մէջ Մատենադարանի մասնաճիւղ բանալու մեր ծրագիրը ոչ միայն մշակութային է, այլ նաեւ քաղաքականութիւն է` ցոյց տալու համար մեր մշակոյթը, որ մենք դարեր առաջ վանքեր ունեցած ենք»,- ըսած է ան: Գաբրիէլ Չեմպերճեան նշած է, որ շատ արժէքաւոր նմոյշներ ունինք, որոնք կը գտնուին Երեւանի Մատենադարանին մէջ եւ անոնց կրկնօրինակները պէտք է ցուցադրուին Շուշիի նորաբաց մասնաճիւղին մէջ: Ատիկա մշակութային ձեռքբերում է եւ մեր փաստաթուղթը, որ այդ հողը մե՛ր հողն է»,- շեշտած է ան: Ինչ կը վերաբերի Մատենադարանի մասնաճիւղի բացման քաղաքական նշանակութեան, ան ըսած է, որ արտերկրէն եկող հիւրերը Շուշի այցելելով պիտի տեսնեն, որ հոն ատրպէյճանական որեւէ բան չկայ, մզկիթներ չկան, միայն եկեղեցիներ են: «Ատիկա մեծ նուաճում պիտի ըլլայ մեր հարցին եւ հողատիրութեան համար»,- աւելցուցած է ան: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը նշած է, որ հայերը համաշխարհային մշակոյթին շատ լաւ արժէքներ տուած են: «Մեր մշակոյթը ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուած է եւ այսօր ալ մշակութային կեդրոններու զարգացումը ուղղուած է անոնց պահպանութեան»,- եզրակացուցած է ան: