Յունիս 23ին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դէպքերու պատճառով՝ «հասարակական կարգը վերականգնելու ուղղութեամբ իրականացած միջոցառման» ընթացքին ոստիկանութեան ծառայողներու գործողութիւններուն հետ կապուած, Հայաստանի ոստի կանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ, նոյն օրը ոստիկանութեան ներքին անվըտանգութեան վարչութեան մէջ նշանակուեցաւ ծառայողական քննութիւն: Քննութեան արդիւնքներով պարզուեցաւ, որ ոստիկանութեան խումբ մը ծառայողներ թոյլ տուին կարգապահական խախտումներ,- ըսուած է Հայաստանի ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ: Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով՝ ոստիկանութեան 1 ծառայողի՝ Ոստիկանութեան հասարակական կարգի ապահովման վարչութեան բաժնի պետի տեղակալ, ոստիկանութեան փոխ-գնդապետ Գ. Աբրահամեանի պաշտօնը իջաւ մէկ աստիճանով, 1 ծառայողի՝ Երեւանի ոստիկանապետի օպերատիւ գծով տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Ա. Մեհրաբեանին յայտարարուեցաւ նկատողութիւն, եւս 7 ծառայողի՝ խիստ նկատողութիւն:
Յունիս 23ին ոստիկանութեան միւս ծառայողներու գործողութիւններու եւ քաղաքացիներու դիմումներու քննարկման մասով ծառայողական քննութիւնը կը շարունակուի: Արդիւնքներու մասին Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը խոստանայ տեղեկացնել պարբերաբար:
Յիշեցնենք՝ Յունիս 23ի առաւօտեան լրագրողներու դէմ բռնութիւններու փաստերով նաեւ քրէական գործ յարուցուած է Յատուկ Քնչական Ծառայութենէն։