Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՅու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նա­կան գօ­տի­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ գերխըն­դիր, ինչ որ լուրջ խո­չըն­դոտ է յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պան­ման գոր­ծին եւ, եր­բեմն ալ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ու ան­հատ­նե­րու մի­ջեւ վէ­ճե­րու ա­ռիթ կը դառ­նայ:

Պահ­պա­նա­կան գօ­տի­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը լուրջ խնդիր կը յա­րու­ցա­նէ նաեւ ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­լու եւ ա­նոնց վերջ տա­լու ըն­թաց­քին: Այս մա­սին բարձ­րա­ձայ­նած են նշուած մար­զե­րու «­Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին Ար­գե­լոց-­Թան­գա­րան­նե­րու» եւ «­Պատ­մա­կան Մի­ջա­վայ­րի Պահ­պա­նու­թեան» ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու պե­տերն ու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վա­րիչ­նե­րը:

Նա­խօ­րէին ներ­կա­յա­ցո­ւած են Լո­ռիի, Տա­ւու­շի, Վա­յոց ձո­րի, Շի­րա­կի, Սիւ­նի­քի, Ար­մա­ւի­րի մար­զա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, «Գ­լա­ձո­րի հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րան»ի, «Ար­փի» բնա­պատ­մա­կան ար­գե­լո­ցի, «­Զո­ւարթ­նոց» պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նի, «­Զօ­րաց քա­րեր» բնա­կա­տե­ղի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լո­ցի ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը: Զե­կու­ցում­նե­րուն մէջ ա­ռանձ­նա­ցո­ւած է վտան­գո­ւած յու­շար­ձան­նե­րու խնդի­րը, նշո­ւած, որ վեց ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնց թի­ւը ա­ւել­ցած է: