Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնաժողովը Հինգշաբթի՝ 9 Յուլիսին, ձայնակցելով ծերակուտական Մարք Քըրքին (հանրապետական, Իլինոյէն)՝ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու ուղղակի Արցախի քաղաքացիներուն տրուող մարդասիրական օժանդակու թիւնը:
1998էն ի վեր տրուող այս տարեկան օժանդակութիւնը կը վայելէ աջակցութիւնը յանձնաժողովի թէ՛ հանրապետական եւ թէ դեմոկրատ անդամներուն: Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս առթիւ երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Մարք Քըրքին՝ Արցախին օգնելու ծրագրին իր կարեւոր նպաստին համար: «Օգնութեան այս ծրագիրը մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութիւն կը հասցնէ Արցախին, Ամերիկայի զօրակցութեան ուժեղ դրսեւորում մը հանդիսանալով անոր քաղաքացիներուն հանդէպ:
Մենք մեծապէս կը գնահատենք ծերակուտական Մարք Քըրքի համագործակցութիւնը յանձնաժողովի ատենապետ Կրահամի հետ՝ այս կենսական ծրագրի հաստատման ուղղութեամբ»,- յայտարարեց Խաչիկեան:
Յանձնաժողովի որդեգրած զեկոյցը, որ կցուած է 2016ի պետական-արտաքին յատկացումներու օրինագիծին, կ՛ընդգծէ հետեւեալը.-
«Յանձնաժողովը կը յանձնարարէ օգնութիւն տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան զոհերուն՝ այն չափով, որ կը համապատասխանէ անցեալ տարիներու օժանդակութեան: Յանձնաժողովը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն: Յանձնաժողովը նաեւ կարեւոր կը նկատէ ականազերծման աշխատանքներու շարունակութիւնը եւ ընդունելի չի համարեր այն արգելքները, որոնք դրուած են որոշ շրջաններու ականազերծման դէմ: Յանձնաժողովը յանձնարարած է Հայաստանին տալ 20,06 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն, 1,7 միլիոն տոլարի սպառազինութեան աջակցութիւն, եւ 600 հազար տոլար ռազմական կրթութեան ծրագիրներու համար: Ատրպէյճանի համար յանձնարարուած գումարը 8,778 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանինը՝ 54 միլիոն տոլար: