Print
Category: Հայաստան-Արցախ

11 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի հերթական նիստը, զոր կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Ա. Արշակեան զեկուցեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւններու արդիւնքներուն մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած են չորս տասնեակէն աւելի ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք լայն արձագանգ գտած են հայրենակիցներու շրջագիծին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2012-ի պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ զեկուցեց նախարարութեան աշխատակազմի ելեւմտական բաժանմունքի պետ Հ. Յովսէփեան: 2012-ի  ծրագիրներու իրականացման համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան յատկացուող գումարը պիտի կազմէ 496 միլիոն դրամ: Զեկուցողը ներկայացուց ընթացիկ տարուան եւ 2012-ի իւրաքանչիւր ծրագիրին յատկացուած գումարի չափը:
2011-ին սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին կողմէ իրականացուած գիտական հետազօտութիւններու կատարման վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց հիմնադրամի տնօրէն Գ. Յարութիւնեան: Նախարարութեան կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհներով իրականացած են «Արեւելեան Եւրոպայի հայ համայնքներու խնդիրները», «Ռուսիոյ հայութեան կրօնական-դաւանանքային կողմնորոշումներ», «Սփիւռքի դաւանանքային հատուածներու խնդիրները եւ կարելիութիւնները» նիւթով հետազօտութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան 2011-ի հաշուետուութիւնը ներկայացուց վարչութեան պետ Կ. Սարգսեան: Ան ներկայացուց վարչութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները՝ անդրադառնալով անոնց արդիւնքներուն եւ շարունակուող ծրագիրներու ընթացքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց նախարարութեան 2012-ի գերակայ խնդիրները եւ անոնց  լուծման ուղղուած քայլերը: Գերակայ խնդիրներն են՝ նպաստել հայապահպանութեան, հայկական համայնքներու ինքնակազմակերպման, միջհամայնքային եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացման, օժանդակել հայկական ներուժի բացայայտման եւ անոր ներգրաւման Հայաստանի զարգացման հոլովոյթին մէջ, խթանել ազգահաւաքը եւ հայրենադարձութիւնը: