Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Վ­րաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պե­րը:

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին շրջա­նի անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան, Ղա­րա­բա­ղեան Հիմ­նախնդի­րի խա­ղաղ լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի ներ­կայ հանգրուա­նին, առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ լուծ­ման հո­լո­վոյ­թը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ հե­տա­գայ կա­րե­լի ջան­քե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ան­գամ մը եւս ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան բարձր կը գնա­հա­տէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րո­շու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րին վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ խնդի­րի հա­մա­պար­փակ լուծ­ման հա­մար բա­րենպաստ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: Նա­խա­գահ Սարգսեան կա­րե­ւոր նկա­տեց 21-22 Մա­յի­սին Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան վե­հա­ժո­ղո­վի լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւող ջան­քե­րուն, նե­րա­ռեալ` այդ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով 2009 թո­ւա­կա­նէն ի վեր կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն: Հեր­պերթ Զալ­պեր ընդգ­ծեց, որ Ռի­կա­յի վե­հա­ժո­ղո­վին իբ­րեւ ար­դիւնք ըն­դու­նո­ւած հռչա­կա­գի­րին մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը, ի­րա­ւամբ, ար­դար էին եւ ամ­բող­ջո­վին հա­մար­ժէք ի­րա­վի­ճա­կին:

Ան վե­րա­հաս­տա­տեց Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ձե­ւա­չա­փի ծի­րին մէջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն` շեշ­տե­լով, որ այդ ձե­ւա­չա­փի պահ­պան­ման հար­ցին մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը կը մնայ ան­փո­փոխ: