Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան շահագրգռուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Մուշի հայութեան պահպանուած գերեզմանատունը բարեկարգելու հեռանկարով: Գերեզմանատունը կ՛ընդգրկէ շուրջ 8 հազար քմ. տարածք, ուր կը գտնուի նաեւ Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին Արագած Ախոյեան նշած է, որ տեղի հայութիւնը նոյնպէս շահագրգռուած է այդ գերեզմանատունը բարեկարգելու հարցով, իսկ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի աջակցի անոնց:
«Ես Յուլիսի 8ին կը լինեմ Արեւմտեան Հայաստանում, տեղում կը տեսնեմ ինչ կարող ենք անել: Կարծես թէ գերեզմանատունը բարեկարգելու, ցանկապատելու թոյլտուութիւնն արդէն կայ: Տեղում կը տեսնենք, թէ ի՞նչ է արուած: Դա եղել է Մուշի հայութեան գերեզմանոցը, որն առ այսօր պահպանուած է, եւ մենք պէտք է անենք հնարաւորը այն բարեկարգելու համար: Ես օգտագործելու եմ իմ կապերը, բոլոր հնարաւորութիւնները` նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար»,- նշած է Ախոյեան:
Պատգամաւորը գերեզմանոցի վերականգնումը կարեւոր կը համարէ առաջին հերթին, որովհետեւ շատ ծպտեալ հայեր կը մտածեն` ո՞ւր իրենց պիտի թաղեն, եթէ իրենք վերադառնան իրենց արմատներուն եւ նորէն քրիստոնէութիւն ընդունին: «Իսլամական գերեզմանոցում այդ դէպքում, բնականաբար, չեն կարող նրանց թաղել, իսկ հայկական գերեզմանոց ըստ էութեան չկայ: Դրա համար հարկաւոր է կեանքի կոչել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը»,- ընդգծած է Ախոյեան: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրականացուելիք միւս ծրագիրներու մասին Արագած Ախոյեան չուզեց մանրամասնութիւններ հաղորդել` ընդգծելով, որ այդ մասին կը խօսի վերադառնալէն ետք: Անոր խօսքով` ընդունուած է երթալէն առաջ ոչինչ ըսել, իսկ վերադառնալէն ետք խօսիլ այնքան, որքան կարելի է: Ախոյեանն անդրադարձաւ նաեւ Արագածոտնի մարզի մէջ Արշակունիներու դամբարանի պեղումներուն ընթացքին` ընդգծելով, որ արդէն բաւական աշխատանք կատարուած է, կան բաւական հետաքրքրական գտածոներ: