Աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայէն ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի իր տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին մէջ ընդգրկելու նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ հաստատուած ռուս մեծահարուստ Գերման Սթերլիքովը:
Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ:
Գերման Սթերլիքով, անոր կինն ու հինգ երեխաները երեք շաբաթ առաջ Ռուսիայէն տեղափոխուած են Արցախ: Նշանաւոր մեծահարուստը մտադիր է հաստատուիլ Արցախ եւ հոն առեւտրական ծրագիրներու ձեռնարկել, այդ պատճառով ալ յանձնարարած էր իր օգնականներուն՝ վաճառել Ռուսիոյ իր ունեցուածքը։