Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի բան­բեր Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան ո՛չ հաս­տա­տեց, ո՛չ ալ հեր­քեց հրա­պա­րա­կո­ւած այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, թէ ­Հա­յաս­տան ­Ռու­սիա­յէն պի­տի գնէ «Իս­քան­տեր-Մ» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր:

«­Պի­տի գնո­ւին նո­րա­գոյն զէն­քեր, սպա­ռա­զի­նու­թիւն ե՛ւ յար­ձա­կո­ղա­կան, ե՛ւ պաշտ­պա­նա­կան բնոյ­թի, ինչ­պէս նաեւ նոր սար­քեր: Ընդ­հան­րա­պէս բա­նա­կի վե­րա­զին­ման լայ­նա­ծա­ւալ ծրագ­րի ծի­րին մէջ է այս ա­մէ­նը»,- ընդգ­ծեց ­Յով­հան­նի­սեան:

­Յատ­կան­շա­կան է, որ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ վար­կա­յին այդ հա­մա­ձայ­նագ­րին վա­ւե­րաց­ման օ­րը` 2 ­Յու­լի­սին, ռու­սա­կան ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, յղում կա­տա­րե­լով ­Ռու­սիոյ ռազ­մա­ճար­տա­րա­գի­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մար­զի ա­նա­նուն աղ­բիւ­րի մը, գրեց, որ ­Մոս­կո­ւա Ե­րե­ւա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ «Իս­քան­տեր-Մ» տե­սա­կի հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր մա­տա­կա­րա­րե­լու շուրջ:

Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան այս առն­չու­թեամբ ը­սաւ.- «Ո­րո­շա­կի ոչ մէկ բան կրնամ ը­սել: ­Ռու­սա­կան կող­մին հետ կը քննար­կո­ւին տար­բեր տե­սա­կի յար­ձա­կո­ղա­կան, նե­րա­ռեալ հե­ռա­հար սպա­ռա­զի­նու­թեան գնման հար­ցեր»:

Ըստ ռու­սա­կան լրա­տու մի­ջոց­նե­րու, «Իս­քան­տեր» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը ու­նին քա­նի մը տե­սակ­ներ, եւ «Իս­քան­տեր-Մ»ը, ո­րուն հա­սո­ղու­թիւ­նը մին­չեւ 500 քի­լո­մեթր է, նա­խագ­ծո­ւած է ռու­սա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն հա­մար: Ե­թէ գոր­ծար­քը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տո­ւի, ­Հա­յաս­տան ­Ռու­սիա­յէն ետք կը դառ­նայ երկ­րորդ եր­կի­րը, որ կ­՛ու­նե­նայ «Իս­քան­տեր» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր: ­­Բա­նա­կի հե­տա­գայ վե­րա­զին­ման եւ ար­դիա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րող հար­ցու­մին՝ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան պա­տաս­խա­նեց.- «­Բա­նա­կը մին­չեւ այդ վարկն ալ կը սպա­ռա­զի­նո­ւէր եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ սպա­ռա­զի­նո­ւիլ: ­Միայն այդ վար­կով չէ, որ բա­նա­կի սպա­ռա­զին­ման ծրա­գի­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի»: