«Ի՞նչ ուղղութեամբ է զարգանալու Հայաստանում արիւնաբանութիւնը» նիւթը, 1 Յուլիսին, միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, քննարկած են Համահայկական Խորհրդաժողովին (սիմփոզիումի) մասնակցող՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ եւ արտասահմանցի մասնագէտները: Նախաձեռութիւնը «Հայկական Արիւնաբանական Ասոցիացիայինն ու Արիւնաբանական Կենտրոնին»ն է:
Միայն տարի մը ետք, հայ հիւանդները ո՛չ թէ արտերկիր պիտի մեկնին, այլ աշխարհի ամէնէն բարդ հիւանդութիւններուն դէմ պիտի պայքարին Հայաստանի մէջ։
Արիւնաբանական կեդրոնին մէջ պիտի բացուի նոր բաժանմունք, ուր Հայաստանի մէջ առաջին անգամն ըլլալով պիտի կատարուի ոսկրածուծի փոխ¬պատուաստում: Արեան չարորակ հիւանդութիւններու համար բուժման միակ կարելիութիւնը հիմնականին մէջ ոսկրածուծի կամ ցօղունային բջիջներու փոխ¬պատուաստումն է:
«Արդեօք Արիւնաբանական կենտրոնը պատրա՞ստ է առաջին հիւանդին առողջ արեան ցօղունային բջիջներ փոխ¬պատուաստելու». այս հարցը կը քննարկեն ամբողջ աշխարհի հայ արիւնաբանները: Հանրապետութեան գըլխաւոր արիւնաբանը կը հաւատայ այս առաջին փորձի յաջողութեան: Մասնագէտները կը պատրաստուին Հայաստանէն դուրս, շէնքային ու սարքաւորումներու խնդիր չկայ: Հայաստանը ոսկրածուծի փոխ¬պատուաստման տարածաշրջանային կեդրոն պիտի դառնայ:
Այս համաժողովը իր ձեւաչափով առաջինն է Հայաստանի մէջ կայացող: Արտասահման աշխատող հայ արիւնաբանները իրենց հայաստանցի պաշտօնակիցներուն կը ներկայացնեն բժշկական աշխարհի ամենալուրջ նուաճումները: Անահիտ Մելիքեան Ռուսիոյ արիւնաբանական կեդրոնին մէջ ամբողջ բաժանմունք մը կը ղեկավարէ։ Անոր համաձայն՝ հարցը տարբերութիւնները չեն, այլ կարելիութիւնները։
Ասիկա համահայկական առաջին համաժողովն է: Հանդիպման ընթացքին աշխարհի հայ արիւնաբանները կը մշակեն արիւնաբանութեան զարգացման միացեալ ռազմավարութիւն: