Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Յուլիս 4ին ստորագրած է շարք մը որոշումներ՝ ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2007 թուականի Դեկտեմբեր 12ի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ նրան ենթակայ այլ գործադիր մարմինների գործունէութեան կազմակերպման կարգը սահմանելու մասին» ՆՀ-40 հրամանագրով սահմանուած կարգի 121րդ կէտի 6րդ ենթակէտով, եւ հիմք ընդունելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքի մասին» 2015 թուականի Յունիս 30ի ՀՕ-88 օրէնքը:
Անոնց համաձայն՝ Արմէն Սարգսեան նշանակուած է Լ.Ղ.Հ. կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի (մարմնամարզանքի) նախարարի տեղակալ։ Միքայէլ Համբարձումեան նշանակուած է Լ.Ղ.Հ. կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի նախարարի տեղակալ։
Լ.Ղ.Հ. արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Իգոր Բաղրեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Տիգրան Գաբրիէլեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերդեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօէն,
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական ավիացիայի (օդանաւորդութեան) վարչութեան պետ Դմիտրի Աթբաշեան ազատուած է  զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական ավիացիայի վարչութեան պետի տեղակալ Սամվէլ Թաւադեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր սպորտի պետական կոմիտէի նախագահ Ռազմիկ Յովսէփեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր սպորտի պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արթուր Ապրէսեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արայիկ Դոլուխանեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն։
Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արթուր Յարութիւնեան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն:

Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան ներկայացուց
գիւղատնտեսութեան նորանշանակ նախարարը

Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն կը տեղեկանանք, թէ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Յուլիս 6ին, փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց գիւղատընտեսութեան նախարարութիւն եւ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Արամ Մխոյեան:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանին՝ կատարած աշխատանքին համար: Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ շնորհաւորելով զայն՝ Արայիկ Յարութիւնեան մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք այլ բնագաւառին մէջ:
Իր խօսքին մէջ Անդրանիկ Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ համատեղ աշխատանքին համար եւ նշեց, որ չնայած ընթացիկ խնդիրներուն, այնուամենայնիւ, նախարարութիւնը կարողացած է կատարել կառավարութեան ծրագրով գիւղոլորտին վերապահուած գործառոյթները եւ որոշակի յաջողութիւններու հասնիլ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նոր պաշտօնին նշանակուելու առթիւ եւ հաւաստիացուց, որ պիտի ընէ հնարաւորը՝ իրեն տրուած վստահութիւնը արդարացնելու համար:
Կառավարութեան ղեկավարը շնորհաւորեց գիւղատնտեսութեան նորանշանակ նախարար Արամ Մխոյեանը՝ պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթեց անոր: Վարչապետը, մասնաւորապէս, ըսաւ.- «Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնների լաւագոյն մասնագէտներից մէկը համարուելով՝ Մխոյեան քաջատեղեակ է գիւղատնտեսութեան ոլորտին եւ իր գործունէութեամբ արդէն երկար տարիներ աջակցում է Արցախում գիւղատնտեսական ծրագրերի իրագործման: Բնագաւառին առնչուող իմ  որոշումներում միշտ հաշուի եմ առել նրա խորհուրդները: Համոզուած եմ՝ Արամ Մխոյեանն իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը լաւագոյնս ծառայեցնելու է Արցախի գիւղատընտեսութեան զարգացման»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով  նախագահին բարձր պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելու համար՝ Մխոյեան նշեց, որ ծանօթ է ոլորտի խնդիրներուն եւ համոզմունք յայտնեց, որ բոլոր հնարաւորութիւնները կան Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութիւնը հասցնելու բարձր մակարդակի: Ան խոստացաւ ըլլալ անաչառ ու սրտացաւ՝ նախարարութեան առջեւ դրուած նպատակներուն հասնելու ճանապարհին:
Վարչապետ Յարութիւնեան, անդրադառնալով սկսած կառուցուածքային բարեփոխումներուն, նշեց, որ տնտեսութեան պատշաճ զարգացումը ապահովելու համար նոր գործիքներ պիտի կիրառուին: