Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լ.Ղ.Հ. Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն կþիմանանք, թէ  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Յուլիս 3ին ներկայ էր Շուշիի մէջ տեղի ունեցած «Շիրակ-Արցախ էքսպօ 2015» ցուցահանդէսի բացման: Լ.Ղ.Հ. մշակոյթի եւ երիտասարդութեան ու Հ.Հ. սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններու աջակցութեամբ իրականացուած ցուցահանդէսը նպատակ ունի փորձի փոխանակման միջոցով նպաստել Արցախի երիտասարդներու հիմնախնդիրներու լուծման:
Խորհրդարանի նախագահը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ն. Աղաբալեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Հ.Հ. Շիրակի մարզի եւ Արցախի երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնները ներկայացնող  տաղաւարները եւ ծանօթացաւ իւրաքանչիւրի գործունէութեան  ու հետագայ ծրագրերը:
Ցուցահանդէսին յաջորդած քննարկման, Ա. Ղուլեան երիտասարդներուն  ներկայացուց Լ.Ղ.Հ. սոցիալ-քաղաքական իրավիճակը եւ Հ.Կ.ներու ներգրաւուածութիւնը  նշուած ոլորտներուն առկայ հիմնախնդիրներու լուծման շուրջ:  
Երիտասարդներու աջակցութեան, բազմազաւակ ընտանիքներու սոցիալական ապահովութեան  եւ այլ նիւթերու շուրջ էին «Շիրակ-Արցախ էքսպօ 2015»ի մասնակիցներու՝ խորհրդարանի նախագահին ուղղած հարցերը:
Հանդիպման աւարտին Ա. Ղուլեան համոզմունք յայտնեց, որ նման հանդիպումները  երկուստեք համագործակցութեան խթան կը հանդիսանան եւ Լ.Ղ.Հ. Հ.Կ.ներուն աւելի ճանաչելի կը դարձնեն միջազգային կառոյցներուն ու ծրագրերուն: