Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատան ջանքերով՝ Գերմանական Արխիւներուն մէջ սկսած է Կոմիտասի կեանքին վերաբերող փաստաթուղթերու յայտնաբերման եւ ուսումնասիրման աշխատանքը: Կոմիտասի անուան
Թանգարան-Հիմնարկն ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած են այդ աշխատանքին: Ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերուած եւ Հայաստան բերուած են քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Կոմիտասի Գերմանիա ուսանելու շրջանին: Մասնագէտները գտնուած են նաեւ Լայպցիկի Սաքսոնական Պետական Արխիւ, ուր կը պահպանուին Եւրոպայի հնագոյն երաժըշտական հրատարակչատան փաստաթուղթերը: Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեան նշած է, որ կը շարունակուին գերմանական այլ արխիւներու մէջ ձեռագիրներու, փաստաթուղթերու որոնումները: «Գերմանական արխիւները շատ են տուժել Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմից, ափսո՜ս, որ շատ երաժիշտների մասին արխիւային փաստաթղթեր այդ տարիներին կորել են: Հնարաւոր է, որ կորել են նաեւ Կոմիտասի առնչուող փաստաթըղթեր: Այդուհանդերձ, մենք մեր գործը պարտաւոր ենք անել, ստուգել հնարաւոր բոլոր արխիւային հանգոյցներում»,- ըսած է Մհեր Նաւոյեան: «Իսկապէս, շատ դժուար աշխատանք է ոչնչացուած կամ տուժած արխիւներու մէջ 100 տարուան հնութեան փաստաթուղթեր որոնել: Այնուամենայնիւ, յոյս ունինք, որ գերմանական հետազօտական կեդրոններու հետ համատեղ աշխատանքը արդիւնք կու տայ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ փոխ-դեսպան Նատիա Լիխթենպերկ: