Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ար­տա­կարգ նիս­տին ըն­թաց­քին, քննար­կո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցած` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Ռու­սիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ կնքո­ւած, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան 200 մի­լիոն տո­լա­րի չա­փով պե­տա­կան ար­տա­հան­ման վարկ տրա­մադ­րե­լու մա­սին, հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կա­տար­ման վա­ւե­րաց­ման մա­սին հար­ցը:

Հիմ­նա­կան զե­կու­ցող պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ա­րա Նա­զա­րեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ հա­մա­ձայ­նագ­րի լիա­զօր մար­մին­ներն են ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: Նա­զա­րեան նաեւ նշեց, որ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ու­նի գաղտ­նի յա­ւե­լո­ւած մը, որ Հա­յաս­տան պի­տի ու­նե­նայ զէն­քի նոր տե­սակ, որ նա­խա­պէս Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու սպա­ռա­զի­նու­թեան մէջ չէ ե­ղած:

Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան խօսք առ­նե­լով ը­սաւ, որ պէտք է անդ­րա­դառ­նալ անվ­տան­գու­թեան այլ բա­ղադ­րիչ­նե­րու: Մի­նա­սեան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, որ փաս­տա­թուղ­թին մէջ կը բա­ցա­կա­յին դրա­մա­կան բա­ղադ­րի­չին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կանք­նե­րը:

«Ա­սի­կա միայն ապ­րան­քի սպառ­ման տա­րա­ժամ­կէտ վճար­ման մե­քա­նիզմ է: Այդ տե­սա­կէ­տէն, մեկ­նե­լով դրա­մա­կան հա­մա­կար­գի անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րէն, մտա­հո­գի­չը տո­լա­րով ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծու­թիւնն է, որ ճնշում կը բա­նեց­նէ թէ՛ ռու­սա­կան, թէ՛ հայ­կա­կան ե­լեւմ­տա­կան շու­կա­նե­րուն վրայ: Այ­սօր, ըստ էու­թեան, մենք Ռու­սիոյ հետ ա­րեւ­մուտ­քին գոր­ծիք տո­ւած ենք, որ­պէս­զի մեր վրայ ճնշում բա­նե­ցո­ւի: Ե­թէ վա­ղը տո­լա­րի տա­տա­նում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ռու­սա­կան տնտե­սու­թիւ­նը վնաս­ներ կրէ, ա­նոնք ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի տա­րա­ծո­ւին նաեւ Հա­յաս­տա­նի վրայ: Ես կը հասկ­նամ, որ ռու­սա­կան կող­մին հա­մար ձեռն­տու է հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կա­պակ­ցել ար­տար­ժոյ­թին, բայց մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր է ու­նե­նալ կան­խա­տե­սե­լի դրա­մա­կան խո­ղո­վակ­ներ:

Այդ­քան փո­խան­ցո­ւող գու­մար­նե­րը, ո­րոնք Ռու­սիա­յէն Հա­յաս­տան կ­՛ուղ­ղո­ւին, ե­թէ ա­նոնք կա­պակ­ցո­ւին ա­մե­րի­կեան տո­լա­րին, ա­տոր հե­տե­ւան­քով ան­կում կ­՛ապ­րի մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն գնո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, մեր պե­տու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կը կրճա­տո­ւին»,- ը­սաւ պատ­գա­մա­ւո­րը` ա­ռա­ջար­կե­լով Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան նկա­տի ու­նե­նալ այդ մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տիլ դրա­մա­կան հա­մա­կար­գի կան­խա­տե­սե­լիու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: