-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-
Ինչպէս կը հաղորդեն Հ.Հ. կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն, գործադիրը Յուլիս 2ի նիստին որոշած է Համահայկական 6րդ Խաղերուն, Սուրիոյ պատուիրակութեան մասնակցութեան ծախսերը հոգալու նպատակով, 39,8 միլիոն դրամ յատկացնել մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան, որ գումարը պիտի տրամադրէ «Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութեան:
Նշուած գումարը պիտի ծախսուի Սուրիոյ 82 հոգինոց պատուիրակութեան ճանապարհածախսին եւ հիւրանոցի ծախսերը հոգալուն: Պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի տեղափոխէ լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւնը, իսկ Երեւանի մէջ անոնց 16օրեայ կեցութիւնը պիտի ապահովուի «Արարատ» հիւրանոցին մէջ: