Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տոլմայի փառատօն 2015» հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով ցուցապաստառը  հայկական տոլմա համտեսելու կը հրաւիրէր բոլորին:
Հայ Առաքելական ուղղափառ սուրբ եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ Վրաստանի Հայ Կանանց «Շուշանիկ» Միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց Թեմի հովանաւորութեամբ ու «Հայարտուն» Կենտրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ՝ Թիֆլիսի Սբ. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է «Տոլմա-2015» փառատօնը: Հայկական հարուստ մշակոյթի արժէքներէն մէկը ազգային խոհանոցն է իր բազմազանութեամբ:
Արդէն բարի աւանդոյթ դարձած է Թիֆլիսի մէջ, փառատօններու միջոցաւ, ներկայացնել եւ ժողովրդականացնել հայկական կերակրատեսակները. գաթան, հարիսան, տոլման:
Առաւօտէն տոլմայի ախորժալի բուրմունքը տարածուած էր ողջ Հավլաբար թաղամասին վրայ: Եկեղեցւոյ բակին մէջ շարուած սեղաններուն վրայ տեղ էին գտած թիֆլիսահայ տիկնանց պատրաստած տոլմայով կաթսաները:
Այս տարի, հաշուի առնելով մասնակիցներու մեծաթիւ ըլլալը, որոշուած էր կազմակերպել միայն փառատօն՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով մասնակիցներուն ներկայացնելու իրենց խոհարարական վարպետութիւնը:
Բացի «Շուշանիկ» Միութեան անդամներէն, փառատօնին կը մասնակցէին «Հայարտուն» Կենտրոնի բոլոր ստեղծագործական խմբակներու, Սուրբ Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի սաներուն ծնողները, Վիրահայոց Թեմի երիտասարդական բաժինն իր խմբակներով, «Տարօն», «Վանք», «Անի» պարային խումբերը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խումբ ներկայացած էր տոլմայի 3-5 տարատեսակներով: Վրաստանի Հայ Կանանց «Շուշանիկ» Միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան, բացումը կատարելով փառատօնին՝ խօսած է աւանդոյթը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին եւ արժեւորած է հայ մարդու ինքնութեան հետ առնչուող ազգային կերակրատեսակները պահպանելու, սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը: