Հայաստանի մէջ աշխատանք փնտռողներուն թիւը՝ 1 Յունիս 2015ի դրութեամբ, 83,6 հազար է, որուն 57,1 հազարը կիներ են, 20,25 հազարը՝ երիտասարդներ: Հայաստանի Զբաղուածութեան պետական գործակալութեան համաձայն՝ անգործներուն թիւը կը կազմէ աշխատանք փնտռողներուն 88,9 տոկոսը կամ 74,3 հազար մարդ: Կը շարունակէ բարձր մնալ անգործ կիներուն թիւը, որ կը կազմէ անգործներուն 70,1 տոկոսը կամ 52,1 հազար հոգի: Երիտասարդներուն թիւը կը կազմէ անգործներուն 24 տոկոսը կամ 17,8 հազար մարդ, իսկ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերունը՝ 3,2 տոկոսը կամ 2,4 հազար մարդ:
Անգործներուն թիւին մէջ առաջին անգամ աշխատանք փնտռողներուն թիւը եղած է 47,6 տոկոս (35,4 հազար մարդ), որուն մէջ երիտասարդները 15 հազար կամ 42,4 տոկոս է: Անգործներուն մէջ բարձրագոյն կամ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ կրթութիւն ստացածներուն թիւը կը կազմէ 13,3 տոկոս, թերի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական կրթութիւն ունեցողներունը՝ 19,3 տոկոս, նախնական մասնագիտական (արհեստագործական) կրթութիւն ունեցողներունը՝ 6,1 տոկոս, ընդհանուր միջնակարգ կրթութիւն ունեցողներունը՝ 52,4 տոկոս, յատուկ ընդհանուր կրթութիւն ունեցողներուն, հիմնական ընդհանուր եւ տարրական կրթութիւն ունեցողներունը՝ 8,9 տոկոս:
Մասնագիտական կրթութիւն ունեցողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ճարտարագէտները, մանկավարժները, հիւանդապահները, ելեւմտագէտները, տնտեսագէտները, իրաւագէտները եւ այլ բանուորական մասնագիտացում ունեցողները: Ըստ տարիքային ցենզի՝ անգործներուն մէջ 16-29 տարեկանները կը կազմեն 23,9 տոկոս, 30-44 տարեկանները՝ 39,9 տոկոս, 45-54 տարեկանները՝ 21,1 տոկոս, 55էն բարձր տարիք ունեցողները՝ 15,1 տոկոս: Անգործներուն մէջ աշխատաշուկային մէջ անմրցունակ անձերուն թիւը կը կազմէ 63,7 հազար անձ կամ 85,7 տոկոս: Յունուար- Մայիս 2015ին աշխատանք գտած է 3750 աշխատանք փնտռող, որուն 2475ը՝ կին, 3185ը՝ անմրցունակ անձեր: Աշխատանքի տեղաւորուածներէն 1367ը երիտասարդներ են: