Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քաթրին Աշթըն պիտի այցելէ Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան

Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Աշթընի  հարաւկովսկասեան շրջապտոյտին կը գրէ, որ Արեւմուտքը կ'ուզէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հոլովոյթէն դուրս մղել։


«Վաղը կը մեկնարկուի Քաթրին Աշթընի հարաւկովկասեան այցելութիւնը։ Էշթըն նախ պիտի այցելէ Պաքու, ապա՝ Թիֆլիս եւ վերջաւորութեան՝ Երեւան։ Երկիրներու նախագահներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին մասնաւորաբար պիտի քննարկուի հակամարտութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ, հիմնականին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորմա հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը աշխուժացնելու հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ, կը շրջանառուին լուրեր, որ Միա-ցեալ Նահանգները եւս պատրաստ են Ռուսիոյ ձեռքէն վերցնել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ գլխաւոր միջնորդի դերակատարութիւնը», կը գրէ օրաթերթը՝ նշելով, որ Եւրոպայի մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան հոլովոյթի  լճացումէն գոհ չեն։
«Եւրոպայի դժգոհութեան մասին կը խօսի օրեր առաջ Երեւանի մէջ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Քրիստիան Վիկենինի յայտարարութիւնը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք Վիկենին լրագրողներուն ըսած էր.«Մենք կը կարծենք, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի շատ ներգրաւուի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ…Մենք կը տեսնենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը երկար տարիներու ընթացքին որեւէ արդիւնքի չի հանգած, եւ այդ առումով պէտք է բան մը տեղի ունենայ, բան մը փոխուի»։ Ըստ Վիկենինի, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած են քննարկումներ եւ, մասնաւորաբար առաջարկուած է ֆրանսացի համանախագահը փոխարինել Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչով։ Բացառուած չէ, որ այդ ներկայացուցիչը ըլլայ Քաթրին Էշթընը։ «Պէտք է այդ գործընթացին մէջ նոր դերակատարներ ներգրաւել», ըսած էր Քրիսթիան Վիկենինը», կը գրէ «Նեզավիսիմայա կազեթա»։
Ռուսական օրաթերթը կը գրէ, որ ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Ռասիմ Ակաեւ՝ մեկնաբանելով Վիկենինի յայտարարութիւնները, ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին հարաւկովկասեան երկիրները դուրս բերել Մոսկուայի ազդեցութեան գօտիէն։