-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-

Հ.Հ. Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութիւնը հաւանութիւն տուած է նոր Հայկական Հանրագիտարան ստեղծելու` «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութեան առաջարկութեան: Նոր հանրագի տարանը բաղկացած պիտի ըլլայ 10 հատորէ` թուային եւ տպագիր տարբերակներով: Հանրագիտարան ստեղծելու համար պէտք է կազմաւորուին հեղինակներու մասնագիտական խումբեր, որոնք պիտի կազմակերպեն յօդուածներու պատրաստումն ու անոնց համակողմանի քննարկումը: Նոր հանրագիտարանի ստեղծումը պիտի իրականացուի 2016-2026 թուականներուն: Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նախագահութիւնը մտադիր է դիմելու Հ.Հ. կառավարութեան` Հայկական Հանրագիտարանի հրատարակութեան իրականացման օգտին համապատասխան միջոցներ յատկացնելու համար: Այս մասին կը յայտնեն Հ.Հ. Գ.Ա.Ա.էն եւ կը յիշեցնեն, որ 1974-1987 թուականներուն հրատարակուած է 12+1 հատոր Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը, որուն պատրաստումն ու հրատարակութիւնը լուրջ ձեռքբերում էր հայ մշակոյթի եւ գրահրատարակչութեան պատմութեան մէջ: Ընդունուած հանրագիտարանային սկզբունքներով առաջին անգամ մշակուած, ամփոփուած եւ ներկայացուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, արուեստի, մշակոյթի, հասարակական-քաղաքական կեանքի, տնտեսութեան, մարմնամարզութեան, առողջապահութեան եւ միւս ոլորտներու կարեւորագոյն իրադարձութիւնները: