Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­­Յու­նիս 27ին, «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցաւ ­Քա­րին ­Տակ գիւ­ղի Լ.Ղ.Հ. ­Շու­շիի շրջա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նը, որ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Հիմ­նադ­րա­մի Ար­ժան­թի­նի տե­ղա­կան

մարմ­նոյ հո­վա­նա­ւոր­ներ ­Տէ­վէ­ճեան ըն­տա­նի­քի, Էք­սեր­ճիեան ըն­տա­նի­քի, ­Քիր­քոր ­Շիմ­շի­րօղ­լո­ւի եւ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ֆի­նան­սա­ւոր­մամբ:

­Հա­մայն­քին հա­մար նշա­նա­կա­լից օ­րո­ւան ա­ռանձ­նա­կի ջեր­մու­թիւն հա­ղոր­դած էր ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար­ներ Ն­շան ­Տէ­վէ­ճեա­նի, ­Քիր­քոր ­Շիմ­շի­րօղ­լո­ւի եւ ­Պօ­ղոս Էք­սեր­ճիեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք հայ­րե­նիք ժա­մա­նած էին մաս­նակ­ցե­լու ի­րենց հո­վա­նա­ւո­րած ծրագ­րե­րու բա­ցում­նե­րուն:

Երկ-յար­կա­նի ժա­մա­նա­կա­կից կա­ռոյ­ցը կը զար­դա­րէ գիւ­ղին մուտ­քը:

­Հա­մա­լիր այս կեդ­րո­նին մէջ այ­սու­հե­տեւ պի­տի տե­ղա­կա­յո­ւին գիւ­ղի բուժ­կէ­տը, գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը, իսկ գրա­դա­րա­նի, հա­մա­կարգ­չա­յին սե­նեա­կի եւ հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի առ­կա­յու­թիւ­նը գիւ­ղին մէջ նոր ո­րակ պի­տի հա­ղոր­դէ հա­մայն­քի կեան­քին: ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րուն մէջ գոր­ծող այ­սօ­րի­նակ հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րը՝ մէկ տա­նի­քի տակ մէկ­տե­ղե­լով կա­րե­ւո­րա­գոյն են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը, կ­’օգ­նեն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մայն­քի կեն­ցա­ղը եւ լու­ծե­լու շատ հար­ցեր:

2014ին ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար­նե­րու մի­ջոց­նե­րով նո­րո­գո­ւած է գիւ­ղի դպրո­ցի մար­զա­դահ­լի­ճը: ­Հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նի բաց­ման ա­ռի­թով ալ դպրո­ցա­կան­նե­րը գե­ղե­ցիկ սպոր­տա­յին հա­մազ­գեստ­ներ ստա­ցան ­Տէ­վէ­ճեան ըն­տա­նի­քի կող­մէ:

Ա­ւե­լի քան 660 բնա­կիչ ու­նե­ցող ­Քա­րին ­Տա­կը՝ շնոր­հիւ ­Հիմ­նադ­րա­մի, այ­սօր ու­նի նաեւ շուր­ջօ­րեայ ջրա­մա­տա­կա­րա­րում, որ ներ­քին ցան­ցով հա­սա­նե­լի է հա­մայն­քի 160 տնտե­սու­թիւն­նե­րուն: ­Քա­րին-­Տակ­ցի­նե­րու հիմ­նա­կան զբաղ­մուն­քը հո­ղա­գոր­ծու­թիւնն ու ա­նաս­նա­պա­հու­թիւնն է, բնա­կիչ­նե­րու մէկ մասն ալ կ­’աշ­խա­տի ­Շու­շի քա­ղա­քին մէջ, որ կը գտնո­ւի գիւ­ղէն վեց քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ:

­Քա­րին ­Տակ յայտ­նի է իր հե­րո­սա­մար­տով, ո­րու ըն­թաց­քին գիւ­ղա­ցի­նե­րը 1992ին յա­մա­ռօ­րէն դի­մադ­րե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ­նե­րու յար­ձակ­ման՝ հե­րո­սա­բար ետ մղե­ցին թշնա­մին եւ ա­զա­տագ­րե­ցին հայ­րե­նի գիւ­ղը, որ գիւ­ղա­պետ Մ­խի­թար Ա­ռու­շա­նեա­նի խօս­քով՝ այն ժա­մա­նակ միակ հայ­կա­կան գիւղն էր ­Շու­շիի շրջա­նին մէջ: