Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներու կարգին կը դասուի ճազի ծանօթ դաշնակահար Տիգրան Համասեան։ Ան վերջերս ձեռնարկած է հիւրահամերգներու ծրագրի մը, որ ունի նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ։ Համասեան որոշած է աշխարհի վրայ հարիւր եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ հնչեցնել Կոմիտասեան մեղեդիները եւ հայ ժողովուրդի պատմական տաղերը։ Նման հեռապատկերով Թուրքիա այցելող Համասեան այդ ուխտի շրջագըծով շատ մը համերգներ սարքեց պատմական Հայաստանի քաղաքներուն մէջ։ Այսպէս, ան այցելեց Կարս եւ Վան։ Անշուշտ որ խիստ յուզական էր Անիի աւերակներուն մօտ Հայաստանեան այս խումբի կատարումները։ Ինչպէս որ պիտի ըսէր բանաստեղծը՝ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ» թերեւս շատերու համար այժմ կարելի է երազել «Լսեմ Անին ու նոր մեռնեմ»։ Այսպէս Անիէն ետք, Համասեան եւ իրեն ընկերակցող Հայաստանի Սենեկային երգչախումբը համերգ մըն ալ ունեցան Վանի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Հիւրահամերգները շարունակուեցան Տիգրանակերտի, Կեսարիոյ, Վաքըֆգիւղի եւ Պոլսոյ մէջ։ Ընդհանուր առմամբ «Լոյս ի լուսոյ» խորագրով ներկայացուած նախագիծը աւելի ետք իր երթը պիտի շարունակէ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներու մէջ եւս։
Կ՚արժէ նշել, որ համերգները տարբեր քաղաքներու մէջ տարբեր տպաւորութիւններու տեղի կու տան։ Այսպէս, երբ Վանի մէջ Համասեանի ծրագիրը կ՚ողջունուէր տեղւոյն քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ, այլուր անոնց պաշտօնակիցները չէին վարաներ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու այդ նոյն միջոցառումներու մասին։ Սակայն այդ բոլորը նշանակութիւն ալ չունին, քանի որ Համասեանի մտահոգութիւնը այս պահուն ալ որեւէ մէկուն գոհունակութեան հետ կապ չունի։ Ան ճշդած է իր ուղին եւ կը յառաջանայ հետապնդելով որոշ նպատակ։
«Agos»