Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ տարուած նախապատրաստական աշխուժ ժամանակաշրջանին համար, յայտնեց թէ ցուցադրութեան համար պատրաստ են համապատասխան փաստաթուղթեր: Արխիւի տնօրէնին խօսքով, կայ շուրջ 12.000 փաստաթուղթ, որոնցմէ կարեւորագոյնները պիտի հրապարակուին եւ լուսանկարի ձեւով զետեղուին գիրքերու մէջ:

«Թուրքերը պնդում են, թէ հայերը փաստաթղթեր չունեն, որ ապացուցեն, թէ եղել է կազմակերպուած ոչնչացո՞ւմ, թէ տեղահանում: Տեղահանման փաստը նրանք ընդունում են», ըսաւ Ամատունի,  նկատել տալով, որ փաստաթուղթերու հրապարակումն ու թարգմանութիւնը պիտի նպաստեն ճանաչման գործընթացին:
Ամատունի Վիրաբեան տեղեկացուց նաեւ, որ Փարիզի արխիւներուն մէջ գտնուած են շատ փաստաթուղթեր, որոնցմէ տեղափոխուած են Հայոց ազգային պատուիրակութեան՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Աւետիս Ահարոնեանի փաստաթուղթերը։
Ըստ Վիրաբեանի, հրապարակման կը պատրաստուի շուրջ 2000 փաստաթուղթ՝ Կարսի մէջ հայ բնակչութեան ոչնչացման ու կոտորածին մասին: Անոնք պիտի հրատարակուին ռուսերէնով: Կարսէն ետք պիտի հրապարակուին Ալեքսանդրապոլի եւ Ղարաքիլիսայի մասին փաստաթուղթերը:
ՀՀ Ազգային արխիւը կը պատրաստէ նաեւ «Վշտապատում» խորագիրով՝ Արեւմտեան Հայաստանի երեք նահանգներու՝ Վանի, Պիթլիսի ու Էրզրումի, շուրջ 700 գիւղերու մասին պատմող եռահատոր գիրքը, որուն մէջ պիտի տպագրուին Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու յիշողութիւնները՝ Մեծ Եղեռնէն մէկ տարի ետք՝ 1916ին: Ժողովածոն պիտի թարգմանուի ռուսերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի, եւ մինչեւ 2015՝ պիտի յանձնուի ընթերցողի դատին:


ԱՄՆի Դաշնակցային Վճռաբեկ Ատեանը Ցեղասպանութեան Հարցը Դարձեալ Պիտի Քննէ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը գրէ, թէ մէկ օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային 9րդ շրջանի վճռաբեկ ատեանը վերջին երկու տարիներու ընթացքին, երրորդ անգամ ըլլալով սկսած է քննելու Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող Քալիֆորնիոյ այն օրէնքը, որ իրաւունք կու տայ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, ամերիկեան ատեաններու մէջ դատեր բանալու՝ ապահովագրական օտար ընկերութեանց դէմ:
Նախապէս ատեանը դէմ քուէարկած էր այդ օրէնքին, սակայն երկրորդ քննութենէն ետք, ատեանը զոհերու ժառանգորդներուն ի նպաստ որոշում մը արձակած էր:
Խնդրոյ առարկայ են գերմանական ապահովագրական երեք ընկերութիւններ, որոնք կը պնդեն, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը պէտք է բեկանուի, որովհեետեւ ան կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան: Անոնք իրենց պնդումը կը հիմնաւորեն այն տրամաբանութեամբ, թէ նահանգ մը իրաւունք չունի ցեղասպանութիւն նկատելու ոճիր մը, որ երկրին դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ ցեղասպանութիւն չի նկատուիր: Անոնք կը մատնանշեն յատկապէս նախկին երկու նախագահներուն՝ Ճորճ Պուշի ու Պիլ Քլինթնըի կողմէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւներու վաւերացման դէմ տարուած աշխատանքը:
Իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները ներկայացնող իրաւաբանները կը պնդեն, թէ նախագահներուն այդ կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով կարելի է պաշտօնական քաղաքականութիւն նկատել, եւ կը շեշտեն, թէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ պաշտօնական դիրքորոշում մը չեն որդեգրած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը ոչ մէկ ձեւով կ՛ընդդիմանայ դաշնակցային օրէնքներուն: