Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղուան Վար­դա­նեան, «Եր­կիր»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, խօ­սե­լով Բաղ­րա­մեան փո­ղո­ցին մէջ ար­դէն եր­րորդ օ­րը ըլ­լա­լով շա­րու­նա­կո­ւող բո­ղո­քի ցոյ­ցին մա­սին, նշեց.-

«Ա­ռա­ջին օ­րո­ւան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով` Ե­րեք­շաբ­թի խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, դե­րա­սան­նե­րու, եր­գիչ­նե­րու եւ հան­րա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ ներ­կայ ըլ­լալ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ եւ, իբ­րեւ մարդ­կա­յին պատ, կանգ­նիլ ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ ոս­տի­կան­նե­րուն մի­ջեւ` փոր­ձե­լով կան­խել հա­ւա­նա­կան առ­ճա­կա­տու­մը:

«­Գի­շե­րը ժա­մը 1:00էն մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան 10:00ը այն­տեղ ե­ղանք: Փառք Աս­տու­ծոյ, եր­կու կող­մէն ալ ոչ մէկ սադ­րանք կամ այլ տի­պի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ե­ղան` դրսե­ւո­րե­լով զսպո­ւա­ծու­թիւն: Ա­ռա­ւօտեան, երբ ա­մէն ինչ շատ ա­ւե­լի հան­դարտ էր եւ ցու­ցա­րար­նե­րուն թի­ւը զգա­լօ­րէն նո­ւա­զած էր, ակն­յայտ էր, որ ար­դէն սպառ­նա­լիք չկար, ատ­կէ ետք մենք գա­ցինք Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն:

«Ակն­յայտ է, որ կայ ե­րի­տա­սարդ, գի­տա­կից, ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն, ի­րենց երկ­րին տէր զգա­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու բազ­մու­թիւն մը, որ կը փոր­ձէ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն տի­րա­նալ: Կը կար­ծեմ, որ եր­կու կող­մերն ալ` ե՛ւ ցու­ցա­րար­նե­րը, ե՛ւ իշ­խա­նու­թիւ­նը, կը կա­րե­նան մի­ջան­կեալ լու­ծու­մով մը ելք գտնել ի­րա­վի­ճա­կէն: Յս­տակ է նաեւ, որ առ­ճա­կա­տու­մը, բա­խու­մը կամ բռնու­թիւն­նե­րը ձեռն­տու չեն նախ եւ ա­ռաջ մեր երկ­րին եւ պե­տա­կա­նու­թեան»:

Հար­ցու­մին, թէ ինչ­պի­սի՞ն է, իր կար­ծի­քով, այդ մի­ջան­կեալ լու­ծու­մը, Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան պա­տաս­խա­նեց.- «Ես հի­մա չէի փոր­ձեր եր­կու կող­մե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան մէջ մտնել, ո­րով­հե­տեւ մեր Ե­րեք­շաբ­թի օ­րո­ւան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ոչ թէ ո­րե­ւէ կողմ ներ­կա­յաց­նելն էր, այլ վատ հե­տե­ւանք­ներ թոյլ չտա­լը»: