Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ազա­տու­թեան Հ­րա­պա­րա­կին վրայ նստա­ցոյ­ցով սկսած ու Բաղ­րա­մեա­նի վրայ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցով շա­րու­նա­կո­ւող «Ո՛չ թա­լա­նին» բո­ղո­քի շար­ժու­մը օ­րէ օր թափ կը ստա­նայ:

Չո­րեք­շաբ­թի՝ Յու­նիս 24ի ե­րե­կո­յեան, Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար­նե­րու թի­ւը ակն­յայ­տօ­րէն ա­ճած էր: Ոս­տի­կա­նու­թեան պա­ տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Վա­լե­րի Օ­սի­պեան ցոյ­ցը ղե­կա­վա­րող­նե­րուն փո­խան­ցեց, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ իր տե­սան­կիւ­նէն ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քը այդ վայ­րին մէջ ա­նօ­րի­նա­կան է, ոս­տի­կան­նե­րը պի­տի չփոր­ձեն մի­ջամ­տել:

«Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նող­ներն ալ յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ցոյ­ցին միա­ցած են Չա­րեն­ցա­ւա­նէն ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­թով Ե­րե­ւան հա­սած մար­դիկ:

Ցոյ­ցին միա­ցած են նաեւ փո­խադ­րա­կառ­քե­րով Ե­րե­ւան հա­սած հրազ­դան­ցի­ներ: Յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ նաեւ, որ զօ­րակ­ցա­կան ցոյ­ցեր եւ նստա­ցոյ­ցեր տե­ղի կ­՛ու­նե­նան Գիւմ­րիի, Ս­պի­տա­կի, Վա­նա­ձո­րի, Աշ­տա­րա­կի եւ Սի­սիա­նի մէջ եւս:

Ն­շենք, որ ցու­ցա­րար­նե­րը նա­խորդ գի­շեր մեր­ժած էին նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ հան­դի­պե­լու ա­ռա­ջար­կը: Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այժմ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով կը գտնո­ւի Պ­րիւք­սէլ:

Նս­տա­ցոյ­ցի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րուն կար­ծի­քով՝ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մէկ ճա­նա­պարհ ու­նին.- Չե­ղեալ յայ­տա­րա­րել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կե­րու թան­կաց­ման ո­րո­շու­մը:

Նա­խորդ գի­շեր ցոյ­ցին միա­ցած եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ու ցու­ցա­րար­նե­րու մի­ջեւ մարդ­կա­յին պատ­նէ­շի դեր ստանձ­նած են Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ինչ­պէս նաեւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ:

«Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ Վա­ղի­նակ Շու­շա­նեան «Ա­զա­տու­թեան» թղթա­կի­ցին յայտ­նած է, որ ցոյ­ցը «­Մէյ­տան»ի պի­տի չվե­րա­ծեն:

Ցու­ցա­րար­նե­րը ան­ցորդ­նե­րուն ցրո­ւած են դե­ղին թուղ­թի վրայ գրո­ւած թռու­ցիկ­ներ, ուր կոչ ուղ­ղած են Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րուն՝ ա­մէն օր ժա­մը 21։00էն մին­չեւ 22։00 ան­ջա­տել ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րուն բո­լոր լոյ­սե­րը, եկտ­րա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տող բո­լոր հա­մա­կար­գե­րը: