Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Չե­խիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լիւ­պո­միր Զաո­րա­լեք, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի մէջ, յար­գեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: Չեխ նա­խա­րա­րին Ծե­ծեռ­նա­կա­բերդ կ­՛ու­ղեկ­ցէր Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Կա­րէն Նա­զա­րեան: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Հայկ Դե­մո­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ` Լիւ­պո­միր Զաո­րա­լե­քը շրջե­ցաւ թան­գա­րա­նին մէջ, գրա­ռում կա­տա­րեց թան­գա­րա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու յու­շա­մա­տեա­նին մէջ, որ­մէ ետք ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ան­մար կրա­կին մօտ:

«Ար­մէնփ­րես»ի փո­խանց­մամբ` Չե­խիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը յու­շա­հա­մա­լի­րի այ­գիին մէջ տնկեց ե­ղեւ­նի` «ի յի­շա­տակ հայ ժո­ղո­վուր­դի որ­դի­նե­րու ու դուստ­րե­րու ող­բեր­գա­կան մա­հո­ւան»: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, Չե­խիոյ Ա.Գ. նա­խա­րա­րը կի­սո­ւե­ցաւ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով.- «Ես խո­րա­պէս տպա­ւո­րո­ւած եմ, քա­նի որ ա­նի­կա շատ սար­սա­փե­լի պատ­մու­թիւն է: Շատ կա­րե­ւոր է, որ չմոռ­ցո­ւի, ան ոչ միայն ան­ցեալ է, պատ­մու­թիւն, այ­լեւ կը վե­րա­բե­րի ներ­կա­յին: Մենք պէտք է խօ­սինք ա­նոր մա­սին, մենք պէտք է յի­շենք այդ ի­րա­դար­ձու­թիւնն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը: Մեր պարտքն է ա­նընդ­հատ յի­շել զայն»: Իսկ ի պա­տաս­խան այն հար­ցու­մին, թէ ե՞րբ Չե­խիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը միա­նայ այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, Զաո­րա­լեք նշած է.- «­Չե­խիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պար­բե­րա­բար յի­շա­տա­կած է այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը: Ես գի­տեմ նաեւ, որ մեր ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը (խորհր­դա­րա­նի) հռչա­կա­գիր ըն­դու­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ մեր նա­խա­գա­հը մա­մու­լի ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ պաշ­տօ­նա­պէս իր դիր­քո­րո­շու­մը յայտ­նած է այդ մա­սին: Մեր եր­կի­րը կը շա­րու­նա­կէ հե­տա­մուտ ըլ­լալ այս հար­ցին եւ վառ պա­հել յի­շա­տա­կը»: