Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ 24 Յունիսի երեկոյեան սկսաւ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման կասեցումը պահանջող «Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութեան իրազեկման
երթը, որուն մասնակիցները Հիւսիսային պողոտայով, Հանրապետութեան հրապարակով, Ամիրեան փողոցով եւ Մաշտոցի պողոտայով՝ հասան Բաղրամեան, ուր միացան նստացոյց ընող բազմաթիւ քաղաքացիներուն:
Ցոյցը առաջնորդող գործիչները նաեւ կոչ ուղղեցին քաղաքացիական հագուստով ցոյցին թափանցած ոստիկաններուն՝ հեռանալու ցուցարարներու շարքերէն ու սադրանքներ չընելու: Խնդրոյ առարկայ ոստիկաններուն լուսանկարները տարածուեցան ցուցարարներուն, որպէսզի վերջիններս զգօն ըլլան:
Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարները հովանոցներ տեղադրեցին: Ոստիկանութիւնը չառարկեց 5-6 հովանոցի տեղադրման: Ոստիկանական պատնէշն ալ ետ քաշուեցաւ. ոստիկաններու փոխարէն Բաղրամեան պողոտայի վրայ ճաղէ վանդակներ տեղադրուեցան: Ցուցարարները նաեւ ժապաւէններով ազատ տարածութիւն ձգեցին պողոտայի կեդրոն բերուած աղբամաններուն եւ հաւաքի մասնակիցներուն միջեւ: Նախ՝ ոստիկանութիւնը մտավախութիւն ունէր, որ աղբամաններուն մէջ կրնան պահուած ըլլալ պարկերով քարեր, բայց ստուգումները ցոյց տուին, որ աղբամաններուն մէջ միայն շինարարական աղբ է: Երկրորդ՝ աղբամաններուն հոտը կիզիչ արեւի տակ կը տարածուի:
Իրավիճակը հանդարտ էր, հաւաքուածներուն սնունդ ու ջուր բերին:
Պողոտային վրայ Երեքշաբթի ամբողջ գիշերը ներկայ եղան հոգեւորականներ, անոնք զրուցեցին ցուցարարներուն հետ` հանդարտութեան կոչ ուղղեցին:
«Ինչպէս պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն, այնպէս ալ ներկայիս եկեղեցին ժողովուրդի կողքին է: Բաղրամեան պողոտային վրայ ենք՝ խաղաղութեան կոչով: Եթէ մարդիկ իրենց ազատ կամքով այստեղ են պաշտպանելու համար իրենց շահերը, մենք անոնց կողքին ենք»,- «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հայեցակարգային Հարցերու Գրասենեակի անդամ Դաւիթ Սրկ. Մովսիսեան: Անոր խօսքով` վերջին տարիներուն առաջին անգամն է, որ հոգեւորականները կը մասնակցին նման ցոյցերու: Նպատակը մէկ է` հայ եկեղեցին ու քրիստոնէութիւնը ընդհանրապէս դէմ են բռնութեան:
Ինքնաշարժներով երթ
Մաշտոցի պողոտային մէջ ինքնաշարժներու մեծ երթ տեղի ունեցաւ: Ինքնաշարժները, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները ծածանելով, ազդանշաններ տալով անցան պողոտայէն` երթեւեկը անդամալուծելով: Ճամբու ոստիկանները փորձեցին կանոնաւորել իրավիճակը:
Վարդան Պետրոսեան հացադուլ յայտարարեց
Դերասան Վարդան Պետրոսեանի հարազատները «Հետք»ին յայտնած են, որ Չորեքշաբթի՝ Յունիս 24ի կէսօրուան ժամը 12:00էն սկսեալ, «Նուպարաշէն» բանտին մէջ գտնուող դերասան Վարդան Պետրոսեան յայտարարած է հացադուլ` ի զօրակցութիւն «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան եւ Բաղրամեան պողոտային վրայ նստացոյցի մասնակիցներուն: «Ես ֆիզիքապէս այդտեղ չեմ, բայց այսպէս կրնամ իմ զօրակցութիւնս յայտնել բողոքի բոլոր մասնակիցներուն»,- ըսած է Վարդան Պետրոսեան:
Արա Գէորգեան ժողովուրդի կողքին է
Երաժիշտ Արա Գէորգեան, «Երկիր» կայքին հետ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտնած է, որ եկած է սատարելու ժողովուրդին:
Ան տեղեկացուցած է, որ վրդոված է, որովհետեւ լուրեր տարածուած էին, թէ ինք չ’աջակցիր ժողովուրդին, մինչդեռ ինք միշտ ժողովուրդի կողքին կը կանգնի:
Բաղրամեանը կրկին մարդաշատ է
Երեւանի Բաղրամեան պողոտային մէջ ցուցարարներուն թիւը Յունիս 25ի երեկոյեան կրկին բազմացաւ: Տեղւոյն վրայ գտնուողներուն միացան Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածները, որոնք Երեւանի տարբեր փողոցներուն մէջ կ՛իրազեկէին քաղաքացիները եւ թռուցիկներ կը բաժնէին: «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները պարբերաբար կը կրկնէին իրենց պահանջը` չեղեալ նկատել հոսանքի թանկացման վերաբերեալ որոշումը եւ վերատեսութեան ենթարկել սակը` ատիկա նուազեցնելու նպատակով: «Մենք ոչ մէկ քաղաքական պահանջ ունինք, մեր պահանջը ժողովուրդին ընկերային բեռի թեթեւացումն է»,- յայտարարեցին նախաձեռնութեան անդամները: Նախաձեռնութեան անդամները նաեւ յայտարարեցին, որ կը պահանջեն ազատ արձակել իրենց ընկերներէն մէկը` Տիգրան Մատոյեանը, որ նոյն օրը ձերբակալուած էր ոստիկանութեան կողմէ, երբ կը փորձէր աղբարկղ մը տեղափոխել Բաղրամեան պողոտայ: