Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած է հայ դրամագէտ Խաչատուր Մուշեղեանի նուիրուած գիտաժողով մը: Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, բնորոշելով
հայ դրամագիտութեան անցած ճամբան, ըսած է.- «Դրամագիտութեան ոլորտում հայ ժողովուրդն ունեցել է մեծանուն գիտնականներ, իսկ մեր երկիրն աշխարհում յայտնի դրամագիտական կենտրոններից է»: Առաջին անգամն է, որ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի նման գիտաժողով: Անոր մասնակցած են Մեծն Բրիտանիայէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն հրաւիրուած գիտնականներ: Խաչատուր Մուշեղեան ուսումնասիրած է հնադարեան եւ միջնադարեան Հայաստանի դրամական շրջանառութիւնը, դրամահատարաններու գործունէութիւնը, անդրադարձած է չափագիտութեան խնդիրներուն: Դրամագիտական գանձերու եւ յատուկ գտածոներու հիման վրայ, վեր հանած է Հայաստանի դրամաշրջանառութեան փուլային պատմութիւնը: Ներկայիս, այս բնագաւառի զարգացումով կը զբաղի հայ դրամագէտներու փոքր ընտանիքը` բաղկացած 10 անդամներէ: «Չնայած ոլորտում հսկայական աշխատանք է իրականացուել, բայց չբացայայտուած եւ անյայտ բաներ դեռեւս կան»,- յայտարարած է իր հօր հետքերով շարունակող դրամագէտ Անահիտ Մուշեղեան: