Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Բաղրամեան պողոտան փակած ցուցարարները կրկին հրաժարեցան Ազատութեան հրապարակ տեղափոխուելու առաջարկէն: Առաջարկը փոխանցեց ՀՀ ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յունան Պօղոսեանը: Ոստիկանութիւնը խոստացաւ երաշխիք տալ, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ անոնց հաւաքը պիտի չխոչընդոտուի: Ցուցարարները չհամայանեցան նոյնիսկ բանակցելու: Ոստիկանութիւնը արդէն յայտարարած է, որ գործողութիւններ պիտի չիրականացնէ, իսկ որեւէ գործողութեան դիմելէ մէկ ժամ առաջ պիտի զգուշացնէ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

Բաղրամեան պողոտայ եկան ՀՀ ոստիկանապետի տեղակալ Յունան Պօղոսեանը, Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը: Ոստիկանական պատի մօտէն վերցուած է փշալարերու մէկ շարքը:

Պողոտայի մէջ են նաեւ ԱԺ պատգամաւորներ, արեւեստագէտներ, մտաւորականներ, որոնք ժամանած են գիշերը ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ կենդանի պատ կազմելու կոչով ու պատրաստակամութեամբ: Ամբողջ գիշեր պողոտայի մէջ եղած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները` Մայր աթոռի Հայեցակարգային գրասենեակի ղեկավար Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորութեամբ:

Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը Յունիս 17-­ին որոշում կայացուցած է ելեկտրականութեան սակը բարձրացնելու 6,93 դրամով: Յունիս 19-­ին Երեւանի կեդրոնին`Ազատութեան հրապարակին վրայ, մեկնարկած է բողոքի ցոյց`հանրահաւաք, այնուհետեւ` նստացոյց: Ցոյցին մասնակիցները Յունիս 22-­ին շարժուած են դէպի Բաղրամեան պողոտայ` չենթարկուելով` հասարակական կարգը չխախտելու ոստիկանութեան յորդորներուն: Ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներու կիրառմամբ Յունիս 23-­ի առաւօտեան ցրուած է ցոյցը: Արդիւնքով 237 մարդ բերման ենթարկուած է, 25-­ը դիմած են բժիշկներու օգնութեան: Յունիս 23-­ի երեկոյեան կրկին հաւաք տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ` վերածուելով երթի կրկին դէպի Բաղրամեան պողոտայ, ուր ալ մինչ այժմ կը շարունակուի: