Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ Յու­նիս 20ին Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան այ­ցե­լած է Շա­հու­մեա­նի շրջան, դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ մայ­րու­ղիով Ռու­սաս­տա­նէն, Ուք­րա­նիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն, ա­մառ­նա­յին հան­գիս­տը անց­նե­լու նպա­տա­կով, Ար­ցախ ժա­մա­նած ա­ւե­լի քան 200 ըն­տա­նիք:

Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Գ­րի­գո­րեա­նին, որ կը գլխա­ւո­րէր հայ­րե­նա­դարձ ըն­տա­նիք­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

Վար­չա­պետ Յա­րու­թիւ­նեան, ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը, յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նածր է «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան՝ ի դէմս նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Գ­րի­գո­րեա­նի, նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար: Ա. Յա­րու­թիւ­նեան նշած է, որ աայ­ցե­լու­թիւ­նը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Ար­ցա­խի ու ծա­գու­մով ար­ցախ­ցի­նե­րուն հա­մար:

Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծած է, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու­նի նաեւ տնտե­սա­կան բա­ղադ­րիչ, սա­կայն ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը ար­ցախ­ցի­նե­րուն ի­րենց պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի հետ կա­պելն է: «­Մենք շնոր­հա­կալ ենք, որ մեր հայ­րե­նա­կից­ներն ար­ձա­գան­գել են այս­տեղ հանգս­տա­նա­լու կո­չին, եւ հա­մո­զո­ւած ենք, որ սա շա­րու­նա­կա­կան է լի­նե­լու»,- ը­սած է Ա. Յա­րու­թիւ­նեան:

Վար­չա­պե­տը վստա­հու­թիւն յայտ­նած է, որ հան­գիս­տի նպա­տա­կով Ար­ցախ ժա­մա­նած­նե­րուն մէջ կան մար­դիկ, ո­րոնք, տա­րի­ներ ա­ռաջ թող­նե­լով Ար­ցա­խը, հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու ցան­կու­թիւն կ­’ու­նե­նան: «Ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ այն կեան­քը, որ դուք ու­նէք օ­տար ա­փե­րում, ա­ւե­լի լա­ւը չէ, քան հայ­րե­նի հո­ղում: Վս­տահ եմ, որ մենք տես­նե­լու ենք ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քում վե­րա­դառ­նա­լու եւ հաս­տա­տո­ւե­լու են Ար­ցա­խում»,- եզ­րա­փա­կած է վար­չա­պե­տը:

Իր հեր­թին «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Գ­րի­գո­րեան, ող­ջու­նե­լով մաս­նա­կից­նե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով վար­չա­պետ Յա­րու­թիւ­նեա­նին՝ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, ը­սած է.- «Ես շատ ու­րախ եւ ո­գե­ւո­րո­ւած եմ, որ այս­քան մարդ է ար­ձա­գան­գել մեր ա­ռա­ջին կո­չին: Իս­կա­պէս, սա հայ­րե­նա­սի­րա­կան մեծ քայլ է, եւ կար­ծում եմ՝ ա­մէն մի հայ պէտք է գո­նէ մէկ-շա­բա­թեայ հան­գիստ անց­կաց­նի իր հայ­րե­նի հո­ղում»: Վ. Գ­րի­գո­րեան խոս­տա­ցած է, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կան պի­տի ըլ­լայ: