Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԳեր­մա­նիոյ Հես­սե­նի երկ­րա­մա­սին մէջ Հ.Հ. պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Պ­րա­յան Ս­թի­վըն Ֆե­րա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ Ե­րե­ւան ժա­մա­նած է Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նա­յին Հան­րա­պե­տու­թեան 12 քա­ղաք­նե­րու քա­ղա­

քա­պետ­նե­րէ կազ­մո­ւած ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը, որ ըն­կե­րա­կան հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խում­բին հետ:

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Օ­հա­նեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ քա­ղա­քա­պետ­նե­րը այ­ցե­լած են Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր` յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէ­կու­կէս մի­լիոն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Հիւ­րե­րը ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հած են ան­մար կրա­կի մօտ, այ­նու­հե­տեւ այ­ցե­լած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ, ծա­նօ­թա­ցած են փաս­տագ­րա­կան նիւ­թե­րու ցու­ցադ­րու­թեան, ա­պա գրա­ռում կա­տա­րած են պա­տո­ւոյ այ­ցե­լու­նե­րու յու­շա­մա­տեա­նին մէջ: