Երեւանի մէջ ՕԹԱՆի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Ռոզ Ռոթ սեմինարի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ պատասխանելով Սերպիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Տուպրովքա Ֆիլիփովսքայայի հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան Հայաստանի հետագայ քայլերը Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն ուղղութեամբ, ըսած է, որ Հայաստան չէ հրաժարած Եւրոպական Միութեան հետ Բաժնեկցութեան համաձայնագիրը ստորագրելէ: «Հայաստանի պատճառով չէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ չստորագրուեցաւ Բաժնեկցութեան համաձայնագիրը, ատիկա լրիւ այլ պատճառներ ունէր: Մենք առաջարկեցինք ստորագրել Բաժնեկցութեան համաձայնագիրի քաղաքական մասը, բայց մեզի ըսին, որ ատիկա ամբողջական փաստաթուղթ է: Իսկ յետոյ Ուքրանիոյ հետ ստորագրուեցաւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրը»,- նշած է Նալբանդեան` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը կը հաստատէ լիազօրութիւնը եւ կարելի կ՛ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:
Իսկ իտալացի պատուիրակի այն հարցումին, թէ թուրքերը Հայաստանի հետ սահմանի բացումը կը կապեն հայկական հիւլէական կայանի գոյութեան հետ, եւ ատիկա իրականութեան մէջ խնդի՞ր է, թէ՞ պարզապէս առիթ, Նալբանդեան պատասխանած է.- «Դուք ճիշդ էք, ատիկա շատ հաւանաբար կեղծ առիթ է: Թրքական կողմը կը փնտռէ տարբեր առիթներ, որոնց միջոցով կրնայ Հայաստանի դէմ արտայայտուիլ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ 15 հանդիպում տեղի ունեցած է, եւ այդ հանդիպումներէն ոչ մէկուն ժամանակ թրքական կողմը արծարծած է հայկական հիւլէական կայանին հարցը»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս կրկնեց, որ Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են արձանագրութիւններ ստորագրելու առանց նախապայմաններու, եւ հիմա թրքական կողմը պէտք չէ որեւէ պայման առաջ մղէ: