Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րե­ւա­նի Ֆ­րան­սա­յի հրա­պա­րա­կէն Յու­նիս 16ին` ժա­մը 18:00ին, մեկ­նար­կած է «Ե­րե­ւան City Tour (­Քա­ղա­քի Շր­ջապը­տոյտ)» քա­ղա­քա­յին պաշ­տօ­նա­կան զբօ­սաշր­ջա­յին ծրագ­րի հեր­թա­կան` 4րդ տա­րեշր­ջա­նը: Ինչ­պէս «Ար­ մէնփ­րես»ին կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մի մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժի­նէն, տա­րեշր­ջա­նի բաց­ման հրա­ւի­րո­ւած էին յայտ­նի ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, դե­րա­սան­ներ, եր­գիչ-երգ­չու­հի­ներ, զբօ­սաշր­ջա­յին ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ «Ե­րե­ւան City Tour» ծրագ­րի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցող բազ­մա­թիւ այլ ան­ձիք:

Տա­րեշր­ջա­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած է 30 վայր­կեա­նոց պտոյտ, ո­րուն ծի­րէն ներս հիւ­րե­րը կը ստա­նան գե­ղե­ցիկ յու­շա­նո­ւէր­ներ: «Ե­րե­ւան City Tour» զբօ­սաշր­ջա­յին եր­թու­ղիի կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տան­քը սկսած է Յու­նիս 17ին: