Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստերու սկիզբին, իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը ։
Յայտնի է թէ երկիրը կը մտնէ խորհրդարանական ընտրութիւն-ներու նախապատրաստական փուլ։


Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, անդրադառնալով Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան հարցին, նշեց, որ խորհրդարանի յաջորդ նախագահը պիտի պաշտօնավարէ ընդամէնը 5 ամիս ինչ, որ պիտի համընկնի նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական լարւած շրջանին հետ, եւ այս առումով շատ կարեւոր է, որ Ազգային ժողովի ղեկավարը յաջողի ապահովել խորհրդարանի բնականոն ընթացքը: Ըստ Մինասեանի, Նիկոյեան պիտի յաջողի արդիւնաւէտ ձեւով աշխատիլ:

 

Հանրապետական կուսակցութիւնը չի շտապեր յայտարարելու իր թեկնածուին անունը

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին չի շտապեր ըսելու, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ խորհրդարանի յաջորդ նախագահի իր թեկնածուն, հակառակ անոր որ մամուլը այդ պաշտօնին համար աւելի յաճախ կը խօսի Ազգային ժողովի հանրապետական փոխ նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի անունը:
Սակայն, հանրապետականները կը պնդեն, որ այս հարցը իրենք տակաւին չեն քննարկած: Մասնաւորաբար հանրապետական պատգամաւոր, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ խորհրդարանի           յաջորդ  նախագահի թեկնածուի հարցը պիտի ո¬            րոշուի կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ երէկ սկսած Ազգային ժողովի քառօրեայի առաջին նիստին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականի դիմումը: Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը հրաժարականի մասին իր դիմումը պաշտօնապէս կը ներկայացնէ նիստը վարողին, որ ատիկա կը հրապարակէ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նիստին ընթացքին: 5 օրւան ժամկէտը աւարտելէն անմիջապէս ետք հրաժարականը կրկին ներկայացնելու պարագային, Ազգային ժողովի նախագահի հրաժարականը ընդունւած կը նկատուի:
«Մեր երկիրը մտնում է հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնների նախապատրաստական փուլ: Ընտրութիւններ, որոնք բարձր մակարդակով կազմակերպելն ու անցկացնելը բոլորիս եւ յատկապէս իշխանութիւնների պատուի գործն է: Դրա համար կա անհրաժեշտ քաղաքական կամք եւ հաստատակամութիւն», -յայտարարեց Աբրահամեանը: