Print
Category: Հայաստան-Արցախ

17 Յու­նի­սին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լո­ւած են ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ

Ա­լեք­քօ եւ Ա­նի Պէ­զի­քեան­ներ, ո­րոնք Հա­յաս­տան կը գտնո­ւին Պէ­զի­քեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­ռու­ցո­ւած եւ կա­հա­ւո­րո­ւած «Ա­նի Պէ­զի­քեան ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն»ի բաց­ման ա­ռի­թով:

Հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գած են ազ­գա­յին մեծ բա­րե­րար Գըրգ Գըր­գո­րեա­նի յի­շա­տա­կը:

Այ­նու­հե­տեւ, ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը` նա­խա­րար Հ­րա­նուշ Յա­կո­բեան գնա­հա­տան­քի եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ջերմ խօս­քեր ուղ­ղած է ա­նոնց: «­Պէ­զի­քեան ըն­տա­նի­քը ա­ռա­ջին­նե­րէն մէկն էր, որ 1988 թո­ւա­կա­նի երկ­րա­շար­ժէն ետք ձեռք մեկ­նեց Հա­յաս­տա­նին եւ այդ ժա­մա­նա­կէն ի վեր դար­ձաւ սփիւռք-հայ­րե­նիք կա­մուր­ջը ամ­րապն­դող­նե­րէն: Այս ըն­տա­նի­քը ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի մէջ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ բա­րե­գոր­ծա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, այլ նաեւ բազ­մա­թիւ հա­յան­պաստ ծրա­գիր­ներ կը հո­վա­նա­ւո­րէ սփիւռ­քի տա­րած­քին:

«­Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Պէյ­րու­թին մեր­ձա­կայ ժի­պէյլ քա­ղա­քին մէջ գտնո­ւող «Թռչ­նոց Բոյն» որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մէջ պի­տի բա­ցո­ւի Պէ­զի­քեան ըն­տա­նի­քին մի­ջոց­նե­րով կա­ռու­ցո­ւած թան­գա­րա­նը, որ իւ­րա­յա­տուկ յու­շա­հա­մա­լիր է` նո­ւի­րո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ որ­բե­րու պատ­մու­թեան»,- յայտ­նած է նա­խա­րա­րը` ա­ւելց­նե­լով, որ Ա­լեք­քօ եւ Ա­նի Պէ­զի­քեան­ներ ի­րենց հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը լիո­վին կը փո­խան­ցեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն: Հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ պարտ­քի զգա­ցու­մը ամ­րապն­դե­լու նկա­տա­ռու­մով է, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ նո­րա­բաց Ե­րի­տա­սար­դա­կան Կեդ­րո­նը կը կրէ ա­նոնց թոռ­նու­հիին` 9ա­մեայ Ա­նիի ա­նու­նը, որ հա­ւա­նա­բար ա­մէ­նէն փոքր բա­րե­րարն է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ կը գի­տակ­ցի իր դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան,- ը­սած է նա­խա­րա­րը: