Հայաստանի նախագահ (1998-2008) Ռոբերտ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին, Գըրգ Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելով 220 միլիոն տոլարի նուիրատուու թիւն կատարած է։ «Լինսի» հիմնադրամը որոշ չափով բարեփոխեց Հայաստանի արտաքին պատկերը։
73 միլիոն տոլարի՝ ճանապարհաշինարարական եւ 14 միլիոն տոլարի՝ Երեւանի փողոցներու բարեկարգման աշխատանքներուն յատկացուած գումարները, կարծէք, ամրացուցին երկրի զարկերակ-ճանապարհները, նոր տեսք տուին մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն, փողոցներուն եւ հրապարակներուն։ 45 միլիոն տոլար յատկացուեցաւ երկրաշարժէն աւերուած բնակարաններու վերականգնման, որուն շնորհիւ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ կառուցուեցաւ 149 շէնք, ընդհանուր՝ 3674 բնակարանով։ Ասիկա կը նշանակէ, որ 3674 ընտանիքներ իրենց քայքայուած ու խոնաւ տնակներէն տեղափոխուեցան բարեկարգ բնակարաններ՝ ահաւոր երկրաշարժի այս մէկ սարսափելի յուշը ձգելով անցեալի մէջ։
«Լինսի» հիմնադրամի «Մշակոյթ» ծրագրին յատկացուած գումարը կը թուի, թէ այնքան ալ մեծ չէր, ընդամէնը՝ 18 միլիոն տոլար։ Այո՛, այդ գումարը մեծ չէր կատարուած հսկայական աշխատանքի համեմատութեամբ։ Ընդհանուր առմամբ հիմնովին վերականգնեցան 34 մշակութային հաստատութիւն՝ 13 թատրոն ու համերգասրահ, 7 թանգարան ցուցասըրահ, 9 տուն-թանգարան, 4 պատմամշակութային համալիր եւ Ծաղկաձորի համահայկական մարզական երիտասարդական ճամբարը։
Իր պատմական հայերնիքի վերաշինութեան աջակցելու մեծ բարերարի մտայղացումը իրականութիւն դարձաւ նաեւ աշխատաւոր մարդոց տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ։
Այսօր արդէն կարելի է փաստել, որ «Լինսի» հիմնադրամի իրականացուցած չորս ծրագիրները մեծ նշանակութիւն ունեցան հանրապետութեան կեանքին մէջ։ Ատոնց շնորհիւ 15-20 հազար մարդ ուղղակի կերպով ընդգրկուեցաւ շինարարութեան մէջ՝ չհաշուելով յարակից ոլորտներու աշխատուժը։ Ասիկա զգալիօրէն կրճատեց գործազրկութիւնը եւ աւելցուց բնակչութեան եկամուտները։ Նուազեցուց աշխատանքի համար արտասահման մեկնողներու թիւը։ Հաստատուեցան աշխատանքի որակի բարձր չափանիշեր։ Մեծ զարգացում ստացաւ տեղական արտադրութիւնը։ Հանրապետութեան մէջ արմատական կերպով բարելաւուեցաւ առեւտուրի միջավայրը։ Ծրագիրի իրականացումը նպաստեց հանրապետութեան ելեւմըտական վիճակի բարելաւման։ Լուրջ նախադրեալներ ստեղծուեցան մշակութային կեանքի զարգացման համար։