Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման տե­սան­կիւ­նէ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­կի Խում­բի ձե­ւա­չա­փը ա­մե­նա­յար­մարն է: ­Տե­սա­կա­մուր­ջի ձե­ւա­չա­փով ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, այս­պի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­րած է ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան Պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­ թեան(Հ.Ա.Պ.Կ.) գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժա: Ա­նոր խօս­քով` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ Հ.Ա.Պ.Կ.ի դիր­քո­րո­շու­մը կը մնայ նոյ­նը: «Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­կի Խում­բը շատ ման­րակր­կիտ կ­՛ու­սում­նա­սի­րէ այդ խնդի­րը եւ ոչ մէկ այլ հիմ­նարկ պէտք է մաս­նակ­ցի այդ գոր­ծըն­թա­ցին»,- յայ­տա­րա­րած է ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժա` շա­րու­նա­կե­լով.- «­Մենք ա­նընդ­հատ ­Հա­յաս­տա­նէն կը ստա­նանք տո­ւեալ­ներ Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին վրայ սպան­նո­ւած­նե­րու եւ կրա­կոց­նե­րու մա­սին: ­Բա­ցի այդ` պէտք է ընդգ­ծել, որ ­Հա­յաս­տա­ն` որ­պէս Հ.Ա.Պ.Կ. լիի­րաւ ան­դամ, ի­րա­վի­ճա­կի սրման պա­րա­գա­յին ի­րա­ւունք ու­նի լրա­ցու­ցիչ ու­ժեր ստա­նա­լու»,- ը­սած է Հ.Ա.Պ.Կ. գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը:

Հ.Ա.Պ.Կ. գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է նաեւ, որ ­Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջը եւ ­Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Հ.Ա.Պ.Կ. ան­դամ եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ լայ­նա­ծա­ւալ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՛ըն­թա­նան ըստ նա­խա­տե­սո­ւա­ծի: Անդրա­դառ­նա­լով Հ.Ա.Պ.Կ.ին Ատր­պէյ­ճա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան հար­ցին` ­Պոր­տիւ­ժա նշած է, որ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը պէտք է մաս­նակ­ցին հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գին: «Եթէ Ատր­պէյ­ճա­ն նման հարց բարձ­րացնէ, մենք, ի հար­կէ՛, կրնանք քննար­կել կազ­մա­կեր­պու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րոնց շար­քին` ­Հա­յաս­տա­ն»,- ը­սած է ան: Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Ռու­սիոյ կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին վա­ճա­ռո­ւող զէնք-զի­նամ­թեր­քի խնդրին, գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը այս­պէս ար­ձա­գան­գած է.- «­Ռու­սիա զէնք կը վա­ճա­ռէ եւ՛ ­Հա­յաս­տա­նին, եւ՛ Ատր­պէյ­ճա­նին հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քով, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը»: