Ինչպէս կը հաղորդէ ֆինանսներու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, համապատասխան համաձայնագիրը Յունիս 16ին ստորագրած են ֆինանսներու նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռայներ Մորել: Դրամաշնորհը կը նախատեսուի «բնակտարածքի ֆինանսաւորում. 4րդ փուլ», «Ուժանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման ծրագիր միքրօ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու մէջ/ՄՓՄՁ», «Դպրոցներու ուժանիւթի սպառման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնող վերանորոգում», «Ախուրեան գետի ջրային աղբիւրներու ընդելուզուած կառավարում. 2րդ փուլ» եւ «Համայնքային ենթակառուցուածքներու ծրագիր. 2րդ փուլ» ծրագիրներու իրականացման եւ համակարգման համար անհրաժեշտ յարակից միջոցներու իրականացման ի խնդիր: