Print
Category: Հայաստան-Արցախ

12րդ «Ոսկէ Ծիրան»ը այս տարի ստացած է աւելի քան 1600 յայտ 105 երկիրներէ։ Ընտրուած մօտ 200 ժապաւէնները բաշխուած են 4 մրցութային ու արտամրցութային ծրագրերու։
Փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի փոխանցմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կապակցութեամբ այս տարի մըտցուած են «Մենք կանք» եւ «Այլեւս երբեք» ծրագրերը։
«Զարմանալի տարի է սա. ե՛ւ տխրութեան տարի է, ե՛ւ պայծառութեան, որովհետեւ հարիւրամեակ ենք նշում կարծես թէ, բայց ուրախ ենք, որ գործում ենք, ուրախ ենք, որ ունենք միջազգային փառատօններ, ուրախ ենք, որ նկարահանում ենք ժապաւէններ, ուրախ ենք, որ միասին ենք»,- լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Խաչատրեան:
Փառատօնի ծրագրերու տնօրէն Միքայէլ Ստամպոլցեան մանրամասնեց, որ «Մենք կանք» ծրագրին մէջ ներառնուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայերու նկարահանած ժապաւէնները, իսկ «Այլեւս երբեք» ծրագրին մէջ ընդգրկուած են ժապաւէններ՝ նուիրուած աշխարհին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն:
Խաղարկային ժապաւէններու դատական կազմը, այս տարի կը գլխաւորէ ֆրանսահայ յայտնի բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան, վաւերագրական ժապաւէններու դատական կազմը՝ չեխական ճանչցուած վաւերագրական ժապաւէններու շարժապատկերի փառատօնի ծրագրերու տնօրէն՝ Մարեկ Հովորկան։
Ռոպէր Կէտիկեանի անունը Երեւանի մէջ կը հնչէ նաեւ այլ առիթով՝ անոր ստեղծագործութեամբ կը բացուի փառատօնը.  Քաննի շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուած «Խելագարի պատմութիւն» ժապաւէնը Մեծ Եղեռնի հետեւանքներու, այն վերապրածներու սերունդներու ու վերջիններուս պայքարի մասին է։
Աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօններու այս տարուայ դափնեկիր ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ տարուայ ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ նկարահանուած ամենաուշագրաւ ժապաւէնները հայ հանդիսատեսին կը ներկայացուին «Երեւանեան պրեմիերա» ծրագրի շնորհիւ։
«Երկու մեծ, լաւ ծրագիր ունենք՝ նոր կինօ ¥շարժապատկեր¤.  նոր ֆրանսական կինօ եւ նոր գերմանական կինօ, որոնք բաւական հարուստ են եւ իսկապէս ե՛ւ նոր անուններ են ներկայացնում, ե՛ւ նոր ֆիլմեր», - աւելցուց Միքայէլ Ստամպոլցեան:
Նշենք, որ փառատօնի նախորդ տարիներու ցուցադրութեան դահլիճներուն այս տարի աւելցած է մէկ հատ եւս՝ նորաբաց «Հայաստան» շարժապատկերի թատրոնը։