Սուրէն Կարայեան նշած է, որ ատիկա ոչ թէ Ռուսիոյ, այլ սեփական ընկերութեան ղեկավարին դիրքորոշումն է: Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ կապուած խնդիրներուն, ըստ փոխ-նախարարին, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիրները արդէն համաձայնութիւն տուած են, որ Ե.Տ.Մ.ի հետ Իրանի համարկումը արագօրէն զարգանայ եւ մօտիկ ապագային կը սկսին բանակցութիւններ Իրանի ու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ: Զարուհի Փոստանջեան առարկած է՝ ըսելով, որ խօսքը ոչ թէ սեփական ընկերութեան դիրքորոշման մասին է, այլ այդ ընկերութիւնը յստակ շահ կը հետապնդէ, ատիկա ռուսական դրամագլուխով ռուսական շահ հետապնդող ընկերութիւն է, ուրեմն այդ ընկերութիւնը կ՛իրականացնէ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը, որ կ՛ընէ ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստան չկարենայ դուրս գալ շրջափակումէն:
Սուրէն Կարայեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի խնդիրը Հայաստանի որոշելիք հարցն է: Երկաթուղին պիտի կառուցուի, արդէն աշխատանքներ սկսած են: Ըստ անոր, Իրանի հետ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան տնտեսական համագործակցութիւնը միայն ու միայն կը նպաստէ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման: