Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լոր­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, 12 ­Յու­նի­սին այ­ցե­լած է Աս­կե­րա­նի եւ ­Մար­տա­կեր­տի շրջան­ներ՝ բեր­քա­հա­ւա­քի եւ տնտե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րու ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­նա­լու նպա­տա­կով:

Վար­չա­պե­տի ա­ռա­ջին կան­գա­ռը ե­ղած է «­­Գիւ­ղի եւ ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան Ա­ջակ­ցու­թեան» հիմ­նադ­րա­մի՝ Աս­կե­րա­նի մթեր­ման կեդ­րո­նը, ուր այս օ­րե­րուն կը մթե­րո­ւի գա­րիի բեր­քը:

Ա. ­Յա­րու­թիւ­նեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ծա­նօ­թա­ցած է կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Աս­կե­րա­նի վար­չա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Սեր­գէյ Գ­րի­գո­րեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վա­րը մեկ­նած է շրջա­նի դաշ­տեր եւ, տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լով աշ­խա­տանք­նե­րուն, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է հունձ­քի եւ հրդե­հի կան­խար­գիլ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
­­Վար­չա­պե­տը ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նա­յին վար­չա­կազ­մի ղե­կա­վար Վ­լա­դիկ ­Խա­չատ­րեա­նի հետ այ­ցե­լած է նաեւ սահ­մա­նա­մերձ ­Մա­տա­ղի­սի եւ ­Թա­լի­շի դաշ­տեր, ուր, բա­ցի աշ­նա­նա­ցան մշա­կա­բոյ­սե­րու բեր­քա­հա­ւա­քէն, գար­նա­նա­ցան երկ­րա­գոր­ծա­կան մշակ­ման աշ­խոյժ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րո­ւէին: Ա. ­Յա­րու­թիւ­նեան ծա­նօ­թա­ցած է հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կա­նի հի­ման վրայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն, տո­ւած է հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ: Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան այ­նու­հե­տեւ այ­ցե­լած է «Golden-fish» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ­Մա­տա­ղի­սի մէջ սեւ ձկնկի­թի ար­տադ­րու­թեան հա­մար կա­ռու­ցո­ւող ձկնա­բու­ծա­րան, ուր ար­դէն ման­րաձ­կան ա­ռա­ջին խմբա­քա­նա­կը դրո­ւած է: ­Վար­չա­պե­տը շրջա­գա­յած է նո­րա­կա­ռոյց ձկնա­բու­ծա­րա­նի տա­րած­քին մէջ, ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­նոր ծա­նօ­թա­ցու­ցած են կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ձեռ­նար­կու­թիւ­նը շուրջ 3 տա­րիէն կը սկսի ար­տա­ծե­լու մեծ քա­նա­կու­թեամբ ձուկ, իսկ 5 տա­րիէն՝ սեւ ձկնկիթ: