Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵռաբ­լու­րի զի­նո­ւո­րա­կան պան­թէո­նի տա­րած­քը մնա­յուն կեր­պով բա­րե­կարգ­ման մէջ է։ Յա­ջորդ տա­րի՝ 2016ին, հան­րու­թեան դի­մաց իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ պան­թէո­նին յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ կա­ռու­ցո­ւող՝ ճար­տա­րա­պե­ տա­կան ինք­նա­տիպ ո­ճով օժ­տո­ւած Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու Թան­գա­րա­նը: Նա­խագ­ծա­յին ծրա­գիր­նե­րուն եւ ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին ծա­նօ­թա­նա­լու նպա­տա­կով՝ 11 Յու­նի­սին Ե­ռաբ­լուր զի­նո­ւո­րա­կան պան­թէոն այ­ցե­լած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան: Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեա­նի եւ պաշտ­պա­նա­կան գե­րա­տես­չու­թեան այլ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, նա­խա­րար Օ­հա­նեան շրջա­գա­յած է պան­թէո­նին մէջ, տո­ւած է շարք մը ցուց­մունք­ներ եւ յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ՝ գե­րեզ­մա­նա­քա­րե­րու շրջա­կայ տա­րածք­նե­րուն մէջ բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­ներ եւ շա­բա­թօ­րեակ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով, որ­պէս­զի ուխ­տա­տե­ղի դար­ձած Ե­ռաբ­լու­րի բար­ձուն­քը քա­ղա­քա­ցի­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն հա­մար ա­ռա­ւել յար­մա­րա­ւէտ վայր մը ըլ­լայ։

Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու Թան­գա­րա­նի նա­խագ­ծա­յին-հաշուար­կա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին նա­խա­րար Օ­հա­նեա­նին ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան շի­նա­րա­րու­թեան եւ զօր­քե­րու բնա­կա­ւոր­ման վար­չու­թեան պետ Ա­շոտ Գ­րի­գո­րեան, կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րող ճար­տա­րա­պետ­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տու այլ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք հաս­տա­տած են, որ շի­նա­րա­րա­կան եւ կա­հա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տէն ետք, երկ­յար­կա­նի շի­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին հա­մա­հունչ պի­տի ըլ­լայ ժա­մա­նա­կա­կից թան­գա­րա­նա­յին պա­հանջ­նե­րուն: Յատ­կան­շա­կան է, որ իբ­րեւ զո­հո­ւած հե­րոս հա­յոր­դի­նե­րուն քա­ջա­գոր­ծու­թիւնն ու սխրան­քը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու այլ կա­րե­ւոր հար­թակ մը՝ Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու Թան­գա­րա­նը պի­տի ու­նե­նայ գե­ղե­ցիկ ցու­ցասրահ­ներ, ինչ­պէս նաեւ տե­սաե­րի­զի սրահ՝ յա­գե­ցած ժա­մա­նա­կա­կից թեք­նիք մի­ջոց­նե­րով: