Պուտափէշտի մէջ օրերս գումարուած Եւրոպական Ընկերվարականներու Կուսակցութեան (Ե.Ը.Կ, PES) 10րդ համաժողովը հաստատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը այդ կազմակերպութեան, որպէս
դիտորդ անդամի (Եւրոմիութեան ոչ-անդամ երկիրներու կուսակցութիւնները այլ կարգավիճակ չեն կրնար ունենալ): «Եւրոպական Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կու տայ Հ.Յ.Դ.ին՝ եւրոպական քաղաքական այդ ընտանիքի անդամներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատելու տեսանկիւնէն»,- ըսած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հ.Հ. Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: