Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՄայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դի (Ե.Հ.Խ.)­Գոր­ծա­դիր Կո­մի­տէի նիս­տին մաս­նա­կից­նե­րը, 10 Յու­նի­սին, այ­ցե­լած են Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր՝ ի­րենց

յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լու մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րուն։ Ա­նոնք ա­ղօ­թած են նաեւ յոյ­նե­րուն եւ ա­սո­րի­նե­րուն դէմ գոր­ծադ­րո­ւած սպանդ­նե­րուն ըն­թաց­քին զո­հո­ւած­նե­րուն հա­մար։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Աս­պա­րէզ»:

Ք­րիս­տո­նէա­կան տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց ա­ղօթ­քը բարձ­րա­ցու­ցած են առ Աս­տո­ւած՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն, յատ­կա­պէս Սու­րիոյ ու Ի­րա­քի մէջ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման եւ շու­տա­փոյթ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար։

Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ ըն­թեր­ցո­ւած է նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին վե­րա­բե­րեալ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դին որ­դեգ­րած Հռչա­կա­գի­րը, ո­րուն մէջ յատ­կա­պէս լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւած են այն ջան­քե­րը, զորս Ե.Հ.Խ. Գոր­ծա­դիր Կո­մի­տէն տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րու գոր­ծադ­րած է՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­լու մի­տու­մով։

«­Մինչ ո­րոշ­նե­րը շա­րու­նա­կում են ջան­քեր գոր­ծադ­րել՝ մեր­ժե­լու կամ նո­ւա­զեց­նե­լու այս պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, Գոր­ծա­դիր Կո­մի­տէն մե­ծա­պէս քա­ջա­լե­րո­ւել է Նո­րին Սր­բու­թիւն Ֆ­րան­ցիս­կոս Պա­պի կող­մից 2015ի Ապ­րի­լի 12ին 1,5 մի­լիոն հա­յե­րի զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րա­ծի՝ որ­պէս Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հրա­պա­րա­կա­յին ճա­նաչ­մամբ: Մենք շեշ­տում ենք, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի յի­շա­տա­կե­լու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րին՝ բու­ժե­լու այս պատ­մա­կան վէր­քե­րը եւ ա­պա­գա­յում պաշտ­պա­նե­լու նմա­նա­տիպ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րի կրկնու­թիւ­նից: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը նոյն պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հա­մա­տեքս­տում ու­ղեկ­ցո­ւել է ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով միւս՝ ա­րա­մէա­կան, քաղ­դէա­կան, ա­սո­րա­կան, սի­րիա­կան եւ յու­նա­կան ծագ­ման հա­մայնք­նե­րի՝ մե­ծաւ մա­սամբ քրիս­տո­նեա­նե­րի նկատ­մամբ, ինչն ախ­տա­հա­րել է 20րդ դա­րասկզ­բի պատ­մու­թիւ­նը:

«Այս­պի­սի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րի մեր­ժու­մը, ան­պա­տիժ թող­նե­լը եւ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­լը խրա­խու­սում են դրանց կրկնու­թիւ­նը: Ն­րանք, ով­քեր մեր­ժում են կամ ձեռք են բար­ձաց­նում քրոջ կամ եղ­բօր կեան­քի եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան վրայ, քայ­քա­յում եւ ոչն­չաց­նում են ե՛ւ զո­հի, ե՛ւ ի­րենց մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը: 100րդ տա­րե­լի­ցի այս ո­գե­կո­չու­մը պէտք է յատ­կան­շի ժա­մա­նա­կի լրու­մը, մինչ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ընդ­դի­մա­նում են որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կել այն, ինչ տե­ղի է ու­նե­ցել 100 տա­րի ա­ռաջ: Մենք յոր­դո­րում ենք բո­լոր կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րին հրա­ժա­րո­ւել այս դի­մադ­րու­թիւ­նից:

«­Հա­րիւ­րա­մեա­կի այս տա­րում մենք կոչ ենք ա­նում մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեա­նը, Ե.Հ.Խ. ան­դամ ե­կե­ղե­ցի­նե­րին եւ հա­ւատ­քի ու բա­րի կամ­քի տէր մարդ­կանց՝ ո­գե­կո­չե­լու եւ վերս­տին անդ­րա­դառ­նա­լու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի եւ մարդ­կու­թեան հան­դէպ բո­լոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի կան­խար­գել­մա­նը»,- նշո­ւած է Հռ­չա­կա­գի­րին մէջ։